Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է Ազգային ժողովին՝ այլ աշխատանքի անցնելու պատճառաբանութեամբ։
Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ Գրիգորեան պատշաճ պահու հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահէ իր հետագայ աշխատանքին մասին, մինչ այդ ձեռնպահ պիտի մնայ այս նիւթին շուրջ որեւէ մեկնաբանութենէ։
Պաշտպանը համագործակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնած է գրասենեակի աշխատակազմին, վարչապետին, կառավարութեան անդամներուն։