Հայաստանի 6 մարզերուն մէջ անտառային մեծ հրդեհներ

 

Ներգրաւուած են աւելի քան 2700 փրկարարներ, որոնցմէ մէկը զոհ գացած է բոցերու

Նոյեմ­բեր 21-27 Հա­յաս­տա­նի 7 մար­զե­րու մէջ (Գե­ղար­քունիք, Տա­ւուշ, Լո­ռի, Շի­րակ, Կո­տայք, Արա­գածոտն, Սիւ­նիք) ծա­գած են մեծ հրդեհ­ներ, որոնք ըստ վեր­ջին լու­րե­րուն՝ ամ­բողջու­թեամբ հսկո­ղու­թեան տակ առնուած էին։ 

Հրդե­հաշիջ­ման աշ­խա­տանքնե­րուն մասնակցած են աւե­լի քան 2700 փրկա­րար­ներ, պե­տական տար­բեր կա­ռոյցներ եւ Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան ուղղա­թիռը, որ կա­տարած է 109 թռիչք։ 

Ցա­ւօք, Նո­յեմ­բեր 26-ին պար­տա­կանու­թիւնը կա­տարե­լու ատեն արկածի զո­հ գացած է հրշէջ-փրկա­րար Տա­րօն Սի­մոնեանը, իսկ չորս այլ փրկա­րար­ներ փո­խադ­րուած են հի­ւան­դա­նոց։ 

Հրշէջ-փրկա­րար­նե­րը յա­ջողած են կան­խել կրա­կին տա­րածու­մը դէ­պի ան­տառներ եւ բնա­կելի տու­ներ, յատ­կա­պէս Դի­լիջա­նի եւ Սե­ւանի շրջա­կայ­քը։ Ներ­կա­յիս իրա­վիճա­կը վե­րահսկե­լի է, իսկ կեն­դա­նինե­րու վնա­սուե­լուն մա­սին լու­րե­րը հեր­քուած են: ■