Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱԳ Նախարարութեան բանբեր. «Երթեւեկութեան ենթակառոյցներուն ապաշրջափակումը Հայաստանի համար եղած է եւ կը մնայ կարեւոր առաջնահերթութիւն»

«Զանգեզուրի միջանցք»-ը ըստ թրքական տեսլականին

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին յայտնած է, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկութեան ենթակառոյցներուն ապաշրջափակումը Հայաստանի համար եղած է եւ կը մնայ կարեւոր առաջնահերթութիւն։

Ամերիկեան «Քարնեկի» հիմնարկին հրապարակումին համաձայն՝ ԱՄՆ-ու նախագահ Թրամփի վարչակազմը Երեւանին ու Պաքուին առաջարկ մը ներկայացուցած է Ազերպայճանը Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանի հետ կապող ճանապարհի հարցին շուրջ։

Բադալեան նշած է, թէ Հայաստան արդէն իր «Խաղաղութեան խաչմերուկ» տարածաշրջանային փոխկապակցութեան տեսլականը առաջարկած է, որուն հետեւած են դրական արձագանգներ՝ միջազգային գործընկերներէն։ Աւելի՛ն, Հայաստան առաջարկած է այդ նախաձեռնութեան համահունչ լուծումներ, որոնք կրնան ընդունելի ըլլալ բոլոր ներգրաւուած կողմերուն համար։

Բադալեան ընդգծած է, թէ քննարկումները կը շարունակուին բոլոր շահագրգիռ գործընկերներուն հետ՝ շահաւէտ եւ տարածաշրջանի խաչմերուկային ներուժը իրագործող արդիւնքներու հասնելու նպատակով։

Նշենք, թէ Պաքու տակաւին չէ արձագանգած Թրամփի վարչակազմի առաջարկին մասին «Քարնեկի»-ի հրապարակումին։

***

Նշենք, թէ ազերպայճանական եւ թրքական լրասփիւռներն ալ այս նիւթին մասին կը հաղորդեն, թէ՝ ըստ բազմաթիւ աղբիւրներու՝ Թուրքիա, Ազերպայճան ու Հայաստան մօտ են «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերող համաձայնագիր մը կնքելու, ինչ որ կրնայ յանգեցնել ռուսական ազդեցութեան բացառման Հարաւային Կովկասի մէջ։

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, այս զարգացումներուն ի պատասխան է, որ Մոսկուա նպատակադրուած յարձակումներ սկսած է Ռուսաստանի մէջ ազերպայճանական համայնքներուն դէմ,  նաեւ Իրանի կը յենի՝ Պաքուի վրայ ճնշում բանեցնելու համար։ Ըստ այդ նոյն աղբիւրներուն՝ Քրեմլինի դժգոհութիւնը հասած է գագաթնակէտին։

«Middle East Eye»-ի համաձայն ալ՝ Փաշինեան եւ Ալիեւ կրնան Յուլիսի վերջաւորութեան հանդիպիլ Տուպայի մէջ։