Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով ընտրուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի անդամ։ Տեղեկութիւնը կը հաղորդէ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
Այս ընտրութիւնը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 24-ին Փարիզ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուող Մշակութային եւ բնութեան համաշխարհային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին համաձայնագիրի անդամ պետութիւններու ընդհանուր վեհաժողովի 25-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս։
Հայաստան արձանագրած է լաւագոյն արդիւնքը՝ ստանալով կարելի 161-էն 105 քուէ։ ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն շեշտած են, որ սա կը վկայէ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ոլորտին մէջ Հայաստանի նկատմամբ միջազգային հանրութեան բարձր վստահութեան մասին։
Նոյն քուէարկութեան, մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ոլորտին մէջ՝ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումէն զատ ուրիշ « շատ մեծ արժանիք» չունեցող Ազերպայճան եւս ընտրուած է։
Ըստ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Արեւելեան Եւրոպայի տարածաշրջանէն մէկ տեղի համար մրցած են հինգ երկիրներ։ Առաջին փուլին Ազերպայճանը 160 ձայնէն ստացած է 92-ը։
Այնպէս կը թուի, թէ բանն այն է, որ լուրը իր ճիշդ ձեւակերպման մէջ պէտք է ըլլար՝ Ազերպայճան շահած է «մնացած վերջին տեղը» եւ ոչ թէ միակ տեղը, ինչպէս կը փորձեն ներկայացնել ազերիները։
Այլ հարց, թէ ո՛վ շահեր է, ո՛վ չէ շահեր՝ ի՜նչ փոյթ։ Մինչեւ այսօր ԻՒՆԷՍՔՕ-ն ի՞նչ ըրած է հայկական մշակոյթին բարբարոսօրէն ոչնչացման դէմ, որ այսուհետեւ կարելի ըլլայ յոյս կապել այդ Կազմակերպութեան, որու գործունէութեան դաշտը, ըստ երեւոյթին՝ ժողովներ գումարելէ, պաշտպանութեան արժանի արժէքներու ցանկեր կազմելէ (յետոյ ալ՝ չպաշտպանելու համար) եւ համերգներ կազմակերպելէ անդին չ՚երթար։ Այդպէ՛ս է, գոնէ մեր՝ հայկական ճակատէն դիտուած։