Հայտարապատի մէջ ստորագրուած պայմանագիրը կ՚ընդգրկէ զինուորական կրթութիւն, մարտական վարժանքներ եւ արհեստագիտական հարցեր
Հայաստանի եւ Հնդկաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնները, Հոկտեմբեր 23-ին Հայտարապատի մէջ ստորագրած են 2026-ի գործակցութեան ծրագիր մը, որ կը պարունակէ քանի մը բարձր մակարդակի ձեռնարկներ՝ կեդրոնացած բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններու, զինուորական կրթութեան, մարտական պատրաստութեան ու վարժանքներու, եւ արհեստագիտական հարցերու վրայ։
Երկու նախարարութիւնները 2024-ին հաստատած էին պաշտպանական գործակցութեան համատեղ աշխատանքային խումբ մը։
Պատուիրակութիւնները քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ փոխանակած են տեղեկութիւններ երկու երկիրներու բանակներուն վերջին զարգացումներուն մասին։