Նոյեմբեր 28-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հայաստանաբնակ անդամներու ժողովի նիստը կարելի չէ եղած գումարել Նաւասարդ արք. Կճոյեանի, Աբրահամ արք. Մկրտչեանի, Վազգէն արք. Միրզախանեանի, Վրթանէս եպիսկ. Աբրահամեանի եւ Գէորգ եպիսկ. Սարոյեանի բացակայութեան պատճառով։
Վերոնշեալ բարձրաստիճան հոգեւորականները նոյն օրը հրապարակած էին «զղջումի ու մաքրագործման» բնաբանով նոր յայտարարութիւն մը, որուն անդրադարձած ենք։