 
															Հոկտեմբեր 23-ին Գիւմրիի մէջ հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ «Տիրամայր Հայաստանի երիտասարդական կեդրոն»-ին՝ ներկայութեամբ մասնաւորապէս բարերարներու, Հռոմէն ժամանած կղերականներու, ինչպէս նաեւ՝ ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի, Գանատայի դեսպան Էնտրու Թըրնըրի, տեղական եւ միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ այլ հիւրերու:
Կառոյցին գլխաւոր հովանաւորը Ժագլին Կիւլիստան—Գալուստեան, ի յիշատակ իր ծնողներուն՝ Նշան եւ Ալիս Կէտիկեան—Կիւլիստանի, իր բնակարանը կտակած է Փարիզի «Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»-ին, որպէսզի անոր վաճառքէն գոյացած հասոյթը օգտագործուի յատկապէս որբերու խնամքով զբաղող հայ կեդրոններու եւ դպրոցներու օժանդակութեան: Կտակին կէսը՝ 550.000 եւրօն, յատկացուած է «Տիրամայր Հայաստանի երիտասարդական կեդրոն»-ի կառուցման: Իսկ մնացեալը յատկացուած է Փարիզի Ալֆորվիլի հայկական վարժարանին եւ Դպրոցասէր վարժարանին, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինք դպրոցին եւ այլ բարեսիրական ծրագրերու: Շինարարութեան իրենց նիւթական նպաստը բերած են Սփիւռքէն եւ Ֆրանսայէն բազմաթիւ բարերարներ ու հաստատութիւններ։
Կեդրոնի բացման օրը, նորակառոյց կեդրոնի մուտքին հիւրերը ընդունեց Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի՝ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանը եւ խօսքով դիմեց ներկաներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն այս անզուգական նախաձեռնութեան թիկունք կանգնելնուն եւ իրականութիւն դառնալու նպաստելնուն համար, շեշտեց քրիստոնէական արժէքներու կարեւորութիւնը՝ որպէս միաբանութեան առաքելութեան հիմք։ Քոյր Արուսեակ իր խօսքին մէջ յայտնեց. “Մեր գլխաւոր նպատակն է մեր ուսանողներուն մէջ հաւատք սերմանել, զանոնք քրիստոնէական եւ հայկական արժէքներով սնուցանել։ Մենք զանոնք կը պատրաստենք մեծնալու մարդկային, հոգեւոր եւ հայրենասիրական սկզբունքներով՝ պատրաստ դիմակայելու կեանքի մարտահրաւէրները”։

Նուիրատուներու ցանկը
Ապա քոյր Արուսեակ հրաւիրեց Ժագ—Արտաշ Կէտիկեանը եւ Գանատայի դեսպանը՝ Էնտրու Թըրնըրը, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ հայր Գէորգ Թ. ծ. վրդ. Նորատունկեանը՝ շէնքին մուտքի ժապաւէնը կտրելու եւ համտեսելու յիշարժան ձեռնարկներու ընթացքին աւանդապէս մատուցուող աղուհացը։ Մուտքի միջանցքի պատին տեղադրուած էր բարերարներու ընդգրկուն ցանկը։ Շէնքը իտալական ոճով կառոյցները կը յիշեցնէ՝ ներքին բակը շրջապատող սիւներով եւ կեդրոնական շատրուանով: Քոյր Արուսեակ ֆրանսերէնով զեկուցեց Եւրոպայէն ժամանած բարերարներուն, կղերականներուն, հիմնարկութեան մանրամասնութիւնները: Համալիրին մէջ ուսուցանուող լեզուներէն է ֆրանսերէնը՝ հայերէնի եւ ռուսերէնի կողքին:
Շրջայցէն ետք ներկաները ուղղուեցան համալիրին դահլիճը, ուր Քոյր Նարինէ Սիմոնեանը խօսք առաւ յայտնելով. “Մենք այսօր հաւաքուած ենք սիրոյ շուրջ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Տիրամայր Հայաստանի» մեծ ընտանիքի անձնակազմին, որ մեզ՝ քոյրերուս սատար կանգնեցաւ, որ այս օրը կատարելապէս իրականանայ, շնորհակալութիւն «Արհեստի դպրոց»-ի ուսանողներուն եւ խոհարարներուն”։ Քոյր Նարինէն խօսքը փոխանցեց հայր Գէորգ Թ. ծ. վրդ. Նորատունկեանին, որ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները այս անզուգական ձեռքբերումին համար՝ ըսելով. “Այս կեդրոնին բացումով մենք բացառեցինք շատ դիւրաբեկ ընտանիք ունենալու կարելիութիւնները: Այս կեդրոնէն անցնողները պիտի թրծուին, հարստանան, ճոխանան, սնանին քրիստոնէական արժէքներով եւ նետուին աշխարհ, կազմելու համար սուրբ ընտանիքներ”։ Ապա բեմ բարձրացաւ խմբավար, երաժիշտ Ռոբերտ Մլքէեանը եւ ղեկավարեց «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը, որուն Կոմիտասի տարատեսակ երգերու հմայիչ մեկնաբանութիւնը յուզումով համակեց բոլոր ներկաները: Նոյն դահլիճին մէջ ներկաները ճաշեցին եւ օրուան առիթով պատրաստուած կարկանդակը համտեսեցին: Աւարտին իւրաքանչիւրը «Տիրամայր Հայաստանի երիտասարդական կեդրոն»-ի բացման այս օրը յատկանշող յուշանուէր մը ստացաւ:

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան հիմքը կու գայ Կ. Պոլսէն՝ 5 Յունիս 1847-էն, հիմնադիրն էր՝ Անտոն Պետրոս Թ. Հասունեանը, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս—պատրիարքն էր ան եւ առաջին հայ կարդինալը՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ: 1840-ական թուականներուն Հայր Անտոն Մայր Սրբուհի Հաճի—Անտոնեանի հետ կը ծրագրէ հիմնել «Հաւատաւոր Կոյսերու» միաբանութիւն մը, որուն հիմնական նպատակն էր դաստիարակել հայ համեստ դասակարգի իգական սեռի միտքն ու հոգին քրիստոնէական, մարդկային ու ազգային արժէքներով: 9 Դեկտեմբեր 1847-ին, Մայր Սրբուհին չորս նուիրեալ քոյրերու հետ կ’ուխտեն՝ հնազանդութեամբ, ողջախոհութեամբ եւ խոնարհ կեանքով նուիրուիլ Աստուծոյ ծառայութեան: Այսպէսով սկիզբ կ’առնէ «Աստուածամօր Տունը»՝ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը:
Սկզբնական շրջանին, Մայր Տունը շատ համեստ, փայտաշէն տնակ մըն էր: Տարիներ ետք, հիմնադիր Հօր ջանքերով կը կառուցուին Մայր Տունն ու Նորընծայարանը Բերայի Վալիտէ Չեշմէ փողոցին վրայ: Յաջորդաբար Պոլսոյ մէջ կը հիմնուին կրթական օճախներ՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան, մինչեւ բարձրագոյն վարժարաններ: Պոլսէն ետք, առաքելութեան դաշտը կը տարածուի Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ աւելի քան քսան քաղաքներու ու գիւղերու մէջ: Այս գործունէութիւնը իր վերելքը կը շարունակէ մինչեւ 1915: Մեծ եղեռնի արհաւիրքէնետք՝ 1923-ին, մայրավանքը եւ նորընծայարանը Պոլսէն կը փոխադրուին ապահով վայր՝ Հռոմ:
Լիբանանի մէջ, 1923-ին, արդէն հիմը կը դրուի Հռիփսիմեանց Վարժարանին, այնուհետեւ՝ Սուրիա, Եգիպտոս, Յորդանան, Իրաք, Իրան, Ֆրանսա եւ այլ վայրեր: Հայ քոյրերը իրենց գաղթական ժողովուրդին հետ կը հասնին մինչեւ Միացեալ Նահանգներ: 1965-ին, Փենսիլվանիա նահանգին Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ կը հիմնեն առաջին հայ վարժարանը, որմէ ետք՝ 1980-ին եւ 1983-ին Պոսթընի եւ Լոս Անճըլըսի վարժարանները:
1988 Դեկտեմբեր 7-ի ահաւոր երկրաշարժը իսկական ահազանգ մը կ’ըլլայ Հայ Քոյրերուն: Անոնք կը փութան Սպիտակ եւ Գիւմրի, ամոքելու ցաւատանջ մեր ժողովուրդին անդարմանելի վիշտը:
1991-ին մեր հայրենիքի անկախութեամբ կ’իրականանայ դարաւոր երազը Հայ Քոյրերուն:
1992-ին հիւսիսային Հայաստանի Ախուրեան շրջանի Արեւիկ գիւղին մէջ,– Գիւմրիէն 20 քմ. հեռու,– համեստ ու ցուրտ տուն մը կը դառնայ հայ քոյրերուն առաջին վանքը, առաքելավայրը՝ երեք կամաւոր քոյրերու: Արեւիկէն ետք, Գիւմրիի մէջ, ապա Տաշիր գիւղաքաղաքը, յարակից գիւղերով, աւաններով, յետոյ Ջաւախքի տարածքին Հեշտեան՝ իր տասնեակ գիւղերով կը դառնան քոյրերուն համար քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ մարդասիրական գործունէութուններու կայաններ: Բարեսիրական մեծ հաստատութիւններ, ի մասնաւորի Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միութիւնները զօրավիգ կը կանգնին քոյրերուն առաքելութեան: Ներկայիս, Գիւմրիի մէջ, «Տիրամայր Հայաստանի»՝ Ռոբերտ Պօղոսեան եւ Որդիներ Համալիրը, իբրեւ կրթարան, ուսումնարան, ընծայարան եւ ընկերային ծառայութեան վայր, արդէն իսկ կը գործէ երկար տարիներէ ի վեր: Մեծաթիւ կարօտեալ, որբ երեխաներ, աղջիկներ դպրոցական ու համալսարանական ծրագրին առընթեր, կը ստանան առողջ սնունդ, կրօնական, մշակութային ու գեղարուեստական դաստիարակութիւն:
«Տիրամայր Հայաստանի»-ի հիմնական ու դաստիարակչական գործունէութիւններէն է, ամառնային եռամսեայ ճամբարային ծրագրին իրականացումը: Ծաղկաձորի մէջ, ամէն տարի մինչեւ 800 երկսեռ աղքատ երեխաներ հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս կը կազդուրուին: Ամէն տարի Հայաստանի շրջան մը նկատի կ’առնուի եւ կը հրաւիրուին այդ շրջանի երեխաները ճամբարին մասնակցելու համար: Վերջին տարիներուն զարկ տրուեցաւ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու զաւակներուն ընդգրկման եւս:
1998-ին «Տիրամայր Հայաստանի» կրթահամալիրի առաջին շէնքին բացումը կատարուած է շնորհիւ Պօղոսեան հիմնադրամին: Նախապէս երկրաշարժի որբերը ընդգրկած է, հոգեւորն ու կարգուկանոնը յաջողութեան հիմք ունենալով, յառաջացուցած է իր գործունէութիւնը որպէս ընտանիք: Տարիներու ընթացքին որբերը մեծցած, ամուսնացած են եւ քոյր Արուսեակ կը հաշուէ անոնց զաւակները, զանոնք թոռներ կոչելով:
2009-ին բացուած է արհեստի դպրոցը, տարիներու երազը քոյր Արուսեակին, տեղ մը, ուր կարելի ըլլայ ուսման մտային կարողութիւններ չունեցող պատանիները տեղաւորել եւ անոնց հրամցնել այլ ուղիներ կեանքի ընթացքը շարունակելու համար. “Արհեստ մը տանք, որպէսզի սա երեխաները երթան, իրենց օրուան հացը ճարեն եւ իրենց ընտանիքին տիրութիւն ընեն”,– ըսած է քոյր Արուսեակ առիթով մը:
Այո՛, երգչախումբ մըն ալ ունի կրթահամալիրը հիմնադրուած՝ 2005-ին Գիւմրիի մէջ մայր Արուսեակ Սաճոնեանի եւ երաժիշտ Ռոբերտ Մլքէեանի նախաձեռնութեամբ։ 2015-ին Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ երգչախումբը մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Ս. պատարագին, 2016-ին՝ Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ եւս հանդէս եկած է Ս. պատարագի երգեցողութեամբ։ Խումբը հիւրախաղերով հանդէս եկած է Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Պելճիքայի եւ Լիբանանի քաղաքներուն մէջ։
Այժմ Հայաստանի մէջ «Տիրամայր Հայաստանի» քոյրերու միաբանութեան անդամներուն թիւը կը հասնի 10-ի: Անոնք, քոյր Արուսեակի ղեկավարութեամբ, Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ կը շարունակեն մատուցել իրենց առաքելութիւնը միշտ ծառայելով նոյն նպատակին՝ զարկ տալ հոգեւորին, ազգայինին եւ հայրենասիրականին նոր սերունդի դաստիարակութեան մէջ:
Ա. Բ.-Ղ. ■