Յունիս 1-ին, Հայաստան գտնուող Օվեռնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահ Ֆապրիս Փանքուքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ուր անմար կրակին մօտ ծաղիկներ զետեղած եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։
Այնուհետեւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնուհի Էդիթա Գզոյեան ֆրանսացի հիւրերը առաջնորդած է դէպի յուշահամալիրի յուշապատը, ուր անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրած են յատկապէս Անաթոլ Ֆրանսի եւ ծովակալ, մարդասէր Լուի Տառթիժ տիւ Ֆուռնէի հայութեան ի նպաստ կատարած գործունէութեանց մասին։
Իսկ Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ Օվեռնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի պատուիրակութիւնը ձայնային ուղեցոյցի (audioguide) միջոցով ծանօթացած է «Աւրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը» գիրքին ֆրանսերէն թարգմանութեան, Ռեմոն Գէորգեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքները» հատորի ֆրանսերէն տարբերակին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի դեսպանութեան աջակցութեամբ լոյս տեսած՝ թանգարանի ֆրանսերէն պատկերագիրքին։
Ֆապրիս Փանքուք իր ելոյթին ողջունած է Ֆրանսայի եւ յատկապէս Օվեռնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի՝ Հայաստանի եւ Ցեղասպանութեան թանգարանին հետ գործակցութիւնը, որ հաստատուեցաւ նախկին նախագահ Լօռան Վոքիէի օրօք։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։