Մաքսիմ Եւատեան պատմաբան է, հայագէտ, մասնագէտ՝ Հայաստանի քրիստոնէացման եւ Մետաքսի ճամբու վրայ երթեւեկութեան։ Ան նաեւ նախագահն է «Sources d’Arménie» («Հայաստանի Ակունքներ») կառոյցին, որ ծանօթ է Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մասին իր հրատարակութիւններով։
Ան մեզի շնորհեց այս հարցազրոյցը, այս անգամ որպէս համադրողը ցուցահանդէսի մը, որ պիտի բացուի յառաջիկայ Դեկտեմբեր 5-ին Մարսիլիոյ Նոթր-Տամ տը լա Կարտ տաճարի թանգարանին մէջ, «Շարժման մէջ գտնուող մշակոյթի մը հայկական գանձերը. 1512-1828», ներկայութեամբ կարդինալ Ավըլինի եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի։

«ՆՅ» – Ներկայ պահուս, քաղաքականապէս եւ մշակութային առումով, Հայաստանն ու հայերը դժուար պահեր կ՚ապրին։ Ինչո՞ւ հայկական մշակոյթին նուիրուած այս ցուցահանդէսը ճիշդ այս պահուն։
Մաքսիմ Եւատեան – Ճգնաժամային պահերուն լաւ է յիշել այլ դժուար ժամանակաշրջաններ եւ մա՛նաւանդ թէ որո՛նք եղան անոնցմէ դուրս գալու միջոցները։ Ասկէ զատ, երբ որոշուեցաւ այս ցուցահանդէսը, Եկեղեցի-Պետութիւն յարաբերութիւնները նուազ խնդրայարոյց էին, եւ անկասկած այդ է պատճառը, որ մեզի թոյլ տուաւ ստանալ միաժամանակ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին եւ թէ՛ Կաթողիկոսին յառաջաբանները։
Բացի ատկէ, ժամանակագրութիւնը, զոր որդեգրած ենք ցուցադրուած նմուշներուն համաձայն, կը վկայէ հայկական մշակոյթին համար բացարձակապէս էական գործընթացի մը մասին, որ կը կայանայ հայկական հասարակութեան արդիականացման մէջ։ Գաղափարներու, գիտելիքներու եւ հմտութիւններու արդիականացում՝ հայկական մշակոյթի յաջորդական հարստացումներով։
Այսպէս, 1510-1512 թուականները,– մեր ընտրած ժամանակաշրջանին սկիզբը,– կը յղեն անցեալ՝ կիլիկեան շրջան (1198-1375), եւ սա ակներեւ է շատ մը առումներով։ Օրինակ, ցուցադրուած գործերէն շատերուն հրատարակիչները, ցոյց տալու համար, թէ իրենք յենած են վստահելի փաստաթուղթերու վրայ, կը յստակացնեն, թէ օգտագործած են Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան շրջանի ձեռագրեր։
Մեր ժամանակաշրջանի աւարտը կը համապատասխանէ 1828 թուականին ռուսական նահանգի ստեղծման, որ կոչուեցաւ «Հայկական մարզ», Հայկական լեռնաշխարհին վրայ, Արարատեան դաշտին մէջ։ Այդ ժամանակ, հայկական հասարակութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքի ամենաարդիական, ամենաազատագրուած հասարակութիւններէն մէկն էր, ան իրական հասանելիութիւն ունէր եւրոպական յառաջդիմութիւններուն՝ բնագաւառներու մեծ մասին մէջ։ Կարեւոր է հասկնալ, որ այս արդիականացումը եղած է շնորհիւ հայկական վերնախաւերուն, որոնք ինքնուրոյն կրցան եւ յաջողեցան տանիլ այս գործընթացը, որ հայկական հասարակութիւնը դարձուց յառաջադէմ հասարակութիւն մը՝ բաղդատած ժամանակակից Միջին Արեւելքի միւս բոլոր հասարակութիւններուն։
Եւ այն փաստը, որ այս գործընթացը տարուած է իր սեփական վերնախաւերուն կողմէ եւ ոչ թէ օտար տէրութիւններու ազդեցութեան տակ, կրնայ այսօր մեկնաբանուիլ քաղաքական տեսանկիւնէ։
«ՆՅ» – Աւելի յստակ ըլլալու համար, ո՞րն է այս ժամանակաշրջանի պատմական իւրայատկութիւնը։
Մ. Ե. – Այս ժամանակաշրջանը վկան է զարգացման երկու միաժամանակեայ գործընթացներու, որոնք հիմնական են վտանգուած հայկական մշակոյթի յարատեւման տեսանկիւնէն, քանի որ 1375-ին Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, հայերու վիճակը ամէն տեղ կը դառնայ անկայուն։ Բուն Կիլիկիան կ՚աւերուի քրիստոնեաներու հանդէպ մեծ յարձակողականութիւն ցուցաբերող Մամլուքներուն եւ թուրանական ցեղախումբերուն կողմէ։ Իսլամացումէն եւ Մոնղոլներու անկումէն ետք, Հայկական լեռնաշխարհը կ՚ենթարկուի արդէն տեղւոյն վրայ հաստատուած թուրանական ցեղախումբերու (յատկապէս Աք-Քոյունլուներու կամ Քարա-Քոյունլուներու) վայրագութիւններուն. ապա՝ Լենկթիմուրեաններու, որոնք, գալով Կեդրոնական Ասիայէն, յառաջացան մինչեւ Հայկական լեռնաշխարհ։ Լենկթիմուրեանները, որոնք խստակրօն իսլամներ էին, բառացիօրէն կը ջարդեն քրիստոնեայ զանգուածներ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։ Լենկթիմուրեան նուաճման պատճառով, ասորախօս եւ արամէախօս ամբողջ քրիստոնէութիւնը, որ գոյութիւն ունէր Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, գրեթէ անհետացաւ ԺԴ. դարու երկրորդ կիսուն, քանի մը համաճարակներու պատճառով հիւծելէ ետք։ Այս շրջանը մութ դար մըն է, մեծ խզում մը։ Եւ այս մոխիրներուն վրայ, այն պահուն երբ Հայկական լեռնաշխարհին վրայ կը տիրէր այնպիսի՜ անիշխանութիւն եւ հայ ժողովուրդը կրնար անհետանալ, որ օսմանցիները կրցան իրենք զիրենք պարտադրել 1515-ին այս մշտական անիշխանութեան պարունակին մէջ։ Հետեւաբար, մեր ընտրած ժամանակաշրջանին սկիզբը կանխող տասնամեակները հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենաողբերգականներէն են։
Մեր ընտրած ժամանակաշրջանին սկիզբը կը բնորոշուի մէկ կողմէ կիլիկեան դարաշրջանի ինքնիշխանութեան վերջին տարրերուն աւարտով, քանի որ «Հայոց թագուհի» տիտղոսը կրող վերջին անձը՝ Քաթերինա Քորնարօ (1472-1489), Կիպրոսի տիրուհին հրաժարեցաւ, իր դիրքը զիջելով Վենետիկի Ծերակոյտին։ Մինչեւ իր կեանքին վերջը (1510), Վենետիկի մէջ, ան իր շուրջ ունեցաւ մասամբ հայերէ բաղկացած արքունիք մը։
Տարի մը ետք, 1511-1512-ին, լոյս կը տեսնէ առաջին գիրքը՝ «Ուրբաթագիրք»-ը, տպագրուած Վենետիկի մէջ Յակոբ անունով վաճառականի մը կողմէ, եւ յաջորդ տարին՝ 1512-1513-ին, կը տպագրուի երկրորդ հատոր մը, որմէ էջ մը կը ներկայացնենք ցուցահանդէսին։
Առաջին ցուցափեղկերուն մէջ, մենք կը ներկայացնենք Քաթերինա Քորնարոյէն արտակարգօրէն լաւ պահպանուած կտոր մը, ուր յստակ կը կարդացուի Կիպրոսի, Հայաստանի եւ Երուսաղէմի թագուհիի անոր տիտղոսը։ Եւ անոր քով, այցելուն կը յայտնաբերէ հայկական երկրորդ տպագիր գիրքէն էջեր, որ հայկական մշակոյթը կը մտցնէ նոր դարաշրջան մը՝ տպագրութեան դարաշրջանը։ Տպագրական այս նորարարութիւնը պիտի թոյլատրէ բազմապատկել օրինակները, նախ ծիսական գիրքերու, ընդառաջելով՝ եկեղեցիներու եւ վանքերու հաւաքածոները վերակազմելու փափաքին, հաւաքածոներ՝ որոնք անհետացած էին իսլամներու կողմէ կատարուած կողոպուտներու եւ աւերածութիւններու պատճառով։ Այսպէս, միայն Վենետիկի մէջ, հայերը պիտի հիմնեն ոչ նուազ քան վեց հրատարակչատուներ ԺԶ. եւ ԺԷ. դարերուն։
Մեր ընտրած ժամանակաշրջանին պիտի հրատարակուին հազարաւոր գործեր։ Մենք կը ներկայացնենք որոշ թիւով բացարձակապէս եզակի հրատարակութիւններ։ Հասկնալու համար այս երեւոյթին կարեւորութիւնը, յիշեցնեմ, որ հայերէնը տասներորդ լեզուն է, որ տպագրուած է իր այբուբենով, եւ որ բոլոր նախորդող լեզուները, բացի սրբազան լեզուներէն (լատիներէն, յունարէն եւ եբրայերէն), եւրոպական աշխարհի մեծագոյն տէրութիւններուն լեզուներն են, այսինքն՝ գերմաներէնը, իտալերէնը, ֆրանսերէնը, ֆլամաներէնը, սպաներէնը կամ անգլերէնը։ Եւ այդ ժամանակուան տիրապետող լեզուներուն միջեւ կը գտնենք ոչ-տիպիկ լեզու մը, հրատարակուած իր սեփական խօսողներուն կողմէ՝ հայերէնը։
Ուրեմն իսկապէս հետաքրքրական է ցուցադրել կարենալ այդ ժամանակաշրջանի քանի մը մեծ հրատարակութիւններ, ինչպէս ամբողջական Աստուածաշունչի առաջին հրատարակութիւնը՝ տպագրուած Ամսթերտամի մէջ Ոսկան Երեւանցիի կողմէ, 1666 թուականին, ինչպէս նաեւ Մխիթար Սեբաստացիի շատ գեղեցիկ հրատարակութիւնը (1733)։ Պիտի ցուցադրուի նաեւ անոր մեծ բառարանը (1749), մեծագոյն գործ մը, քանի որ ան կը կազմէ արդի լեզուի մը առաջին բացատրական (raisonné) ժողովածուներէն մէկը։ Մխիթար եւ իր աշակերտները գլուխ հանեցին այս հսկայական գործը քանի մը տարուան մէջ, մինչդեռ օրինակ, ֆրանսերէնին համար, Ֆրանսական Ակադեմիան ստիպուած եղաւ աշխատիլ մօտ 60 տարի՝ համեմատելի արդիւնքի հասնելու համար։ Հայ լեզուի բացատրական ժողովածուն, ըլլալով նաեւ հրատարակուած՝ գերմաներէնէն (1755) կամ անգլերէնէն (1774) առաջ, կրնանք հաստատել, որ պատկառելի գործ մըն է։
Մենք կը ցուցադրենք նաեւ Դաւիթի Սաղմոսներու հրատարակութիւնը (1686)՝ տպագրուած Նահապետ Ագուլեցիի կողմէ, ուր իւրաքանչիւր էջի վրայ, մէկ կողմը սաղմոսներն են գրաբարով՝ դասական հայերէնով, եւ միւս կողմը՝ մեկնաբանութիւնները ժողովրդական լեզուով՝ արեւմտահայերէն աշխարհաբարով։ Այս գործը ուրեմն յատկանշական է որպէս մտաւորական խզման կէտ հայերուն համար, որովհետեւ գրել լեզուով մը, որ դասական, սրբազան լեզուն չէր, այն ատեն աներեւակայելի էր։ Բազմաթիւ այլ կարեւոր հրատարակութիւններ նոյնպէս պիտի ցուցադրուին։ Ուրեմն այս ժամանակաշրջանի առաջին մեծ շարժումը հրատարակչութիւնն է։ Հայերը լայնօրէն եւ խորապէս պիտի իւրացնեն այս հոյակապ նորարարութիւնը։
Երկրորդ մեծ շարժումը կապուած է Ջուղայի եւ Սեֆեան Կայսրութեան արեւմտեան մասի հայերու բռնագաղթին՝ Շահ Աբբաս Ա.-ի կողմէ, 1603-1604-ի ձմռան։ 300 000 հոգիին,– որոնք ստիպուած եղան լքել իրենց օճախները երեք օրուան մէջ 1603 Նոյեմբերին,– մէկ երրորդը մեռաւ ճամբան, միւսներուն մէկ մասը ունեցաւ արտակարգ ճակատագիր։ Բաւական կարեւոր խումբ մը հաստատուեցաւ Սպահան ու հոն հիմնեց հայկական արուարձան մը՝ Նոր Ջուղան, ի յիշատակ հին Ջուղային, որ կը գտնուէր Արաքսի ափերուն՝ Նախիջեւանի մէջ։ Այս վաճառականները, որոնք արդէն հռչակաւոր էին Արեւելքի մէջ հին Ջուղայի ժամանակ, պիտի ստանան Սեֆեան Իրանի հում մետաքսի վաճառքի մենաշնորհը եւ ստեղծեն մեծ առեւտուրի միջազգային ցանց մը, այսինքն՝ կարաւաններ Իրանէն հակեր (balles — խոշոր ծրարներ) պիտի փոխադրեն դէպի Վենետիկ, Լիվոռնօ, Մարսիլիա, ապա դէպի Ռուսաստան։ Այս վաճառականները արտակարգ դեր պիտի խաղան իրենց պատկառելի միջոցներուն շնորհիւ։ Իրենց սկզբնական առեւտուրին վրայ պիտի աւելցնեն ադամանդներ եւ այլ թանկարժէք քարեր, բուստ (corail), ապա՝ չինական մետաքս եւ սուրճ։ Որոշ ընտանիքներ, ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերու ամբողջ տեւողութեան, յամենայն դէպս առնուազն մինչեւ ԺԸ. դարու առաջին կէսը, պիտի կազմեն վաճառականական հոյակապ ցանց մը, քանի որ այս ընտանիքներուն մէկ մասը պիտի դիզէ ԺԷ. դարու ամենապատկառելի դրամական հարստութիւնները, այսինքն՝ կանխիկ դրամ։
Այս հարստութիւններուն մէկ մասը պիտի օգտագործուի աջակցելու հոգեւորականներուն եւ գանձատրելու այն հրատարակութիւնները, որոնց մասին խօսեցայ։ Նկատելի է տեսակ մը սրբազան միութիւն. երբեմն նոյն ընտանիքին ծոցը՝ մէկ եղբայրը վաճառական է եւ միւսը՝ հոգեւորական, երբեմն նոյնիսկ եպիսկոպոս. օրինակ՝ Վանանդեցիներու պարագան Ամսթերտամի մէջ։ Անոնք միասին պիտի աշխատին՝ հիմնելու հրատարակչատուն մը եւ տպագրելու միաժամանակ թէ՛ սրբազան եւ թէ աշխարհիկ գործեր՝ գրականութիւն կամ գիտելիքներ։ Այսպէս, Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւն»-ը կը տպագրուի 1695-էն իսկ, եւ ցուցահանդէսը թոյլ պիտի տայ տեսնել այս գործին առաջին (լատիներէն) թարգմանութիւնը Լոնտոնի մէջ 1736-ին։ Այս հրատարակութիւնը հայ գրականութեան այս մեծագոյն գործը պիտի մտցնէ եւրոպական մտաւորական շրջանակներէն ներս։ Ապա, պիտի հրատարակուին ամէն տեսակ գործեր՝ ծաւալուն մենագրութիւններէ մինչեւ գրքոյկներ եւ նոյնիսկ քարտէսներ բոլոր նիւթերու առնչուող, ներառեալ գիտական։ Օրինակ, չորս ցամաքամասերու քարտէսները՝ փորագրուած Մխիթարեան հայր Եղիա Էնտազեանի կողմէ։ Անոնք կը վկայեն հայկական քարտէսագրութեան տպաւորիչ արդիականացման մասին։ Արդարեւ, քանի մը տասնամեակի ընթացքին՝ «TO» ձեւով միջնադարեան քարտէսներէն,– որոնք կլոր են, բաժնուած երեք ցամաքամասերու եւ կեդրոնը Երուսաղէմով,– կ՚անցնինք այն ատեն ծանօթ չորս ցամաքամասերով քարտէսներու, ըստ Մերքաթորի արտապատկերումին (projection) եւ օգտագործելով հոլանտական քարտէսագրութեան ամենաարդական գիտելիքները։
Կը կարծեմ, թէ չորս քարտէսներու ամբողջական հաւաքածոն պիտի ցուցադրուի առաջին անգամ ըլլալով։ Մենք զանոնք վերարտադրել տուինք 2 մեթրէն աւելի երկարութեամբ պաստառներու վրայ, որպէսզի այցելուները կարենան զննել մանրամասնութիւնները եւ հաստատել անոնց նրբութիւնն ու ճշգրտութիւնը, որոնք տպաւորիչ են։
«ՆՅ» – Ինչպէ՞ս բացատրել, որ այս մշակութային ծաղկումը, այս հարուստ մշակոյթը կրցաւ զարգանալ բաւական երկար ժամանակաշրջանի մը վրայ՝ երեք դարու, առանց թագաւորութեան մը կամ որեւէ այլ քաղաքական իշխանութեան աջակցութեան։
Մ. Ե. – Այս երեւոյթը մեծ մասամբ պարտական ենք Եկեղեցւոյ։ Յիշեցնենք, որ Մեծ Հայքի քաղաքացիական եւ զինուորական վերնախաւերը ջարդուեցան կամ ստիպուեցան աքսորուիլ, եւ որ նոյն գործընթացը կրկնուեցաւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան անկումին, ինչպէս ցոյց կու տայ վերջին թագաւորին՝ Լեւոն Ե. Լուսինեանի բանտարկութիւնն ու ապա փախուստը։ Զրկուած քաղաքացիական ղեկավարներէ՝ հայ ժողովուրդը օսմանցիներուն կողմէ վերածուեցաւ կրօնական համայնքի։ Ուստի Եկեղեցին վճռորոշ դեր խաղաց այս ամբողջ ժամանակաշրջանին, եւ այդ պատճառով է, որ ցուցահանդէսին երեք բաժինները կը վկայեն մեծ հոգեւորականներու, յատկապէս Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքներու եւ կաթողիկոսներու՝ բոլոր հայերը Եկեղեցւոյ շուրջ միաւորելու ջանքերուն մասին, որպէսզի անոնք խուսափին կրօնափոխութենէ, յատկապէս իսլամ դառնալէ,– եւ սա՝ որքան ալ հեռու ապրէին անոնք (Ռուսաստան, Հնդկաստան, Չինաստան, Ֆրանսա կամ Իտալիա)։
Հայրապետական կոնդակները եւ հրատարակութիւնները կը վկայեն հոգեւորականներու այդ կամքին մասին։
Այսպէս, նոյնիսկ Պետութեան բացակայութեան, հայ լեզուի եւ ինքնութեան պահպանումը կարելի եղաւ։ Սրբազան միութիւնը՝ արտակարգ հոգեւորականներու եւ հեռատես հարուստ վաճառականներու միջեւ, թոյլ տուաւ այս մշակոյթին վերապրիլ, զարգանալ եւ արդիականանալ։
«ՆՅ» – Եթէ այս վաճառականները ունէին «տեսլական» մը, ինչպէս կ՚ըսէք, կրնա՞նք պնդել, որ նիւթապէս բարեկեցիկ խաւը ի վերջոյ կ՚աջակցի այս թափին եւ կը փոխարինէ քաղաքական իշխանութիւնը։
Մ. Ե. – Բոլոր վաճառականները բացառիկ մարդիկ չէին։ Ոմանք գոհացան իրենց գործերով զբաղելով, բայց ուրիշներ խաղացին իսկապէս քաղաքական դեր։ Պարզապէս երկու օրինակ. Նոր Ջուղայի վաճառականներ 1667-ին բանակցեցան Ռուսաստանի ցարին հետ առեւտրային համաձայնագրի մը շուրջ։ Այսպէս, հայ վաճառականներով բնակուած փոքրիկ գիւղ մը կրնար, իր սեփական անունով, բանակցիլ առեւտրային համաձայնագրի մը շուրջ, որ գրեթէ միջազգային իրաւունքի համաձայնագիր մըն է ԺԷ. դարու եւրոպական մեծագոյն տէրութիւններէն մէկուն՝ Ռուսական Կայսրութեան հետ։
Ուրիշ մը, Խոճա Փանոս, 1688-ին բանակցեցաւ Հնդկաստանի անգլիական ընկերութեան հետ համաձայնագրի մը շուրջ, արտածումներու եւ առեւտուրի կառավարման մասին՝ Հնդկաստանի շարք մը քաղաքներու մէջ։ Մէկ կողմը՝ հայ վաճառականը, որ կ՚ըսէր թէ կը ներկայացնէր հայ ազգը, միւս կողմը՝ Հնդկաստանի բրիտանական ընկերութիւնը, որ կը ներկայացնէր անգլիական պետութիւնը։
Ուրեմն այս վաճառականները շատ կարեւոր դեր խաղացին եւ անոնցմէ ոմանք շատ զարգացած էին իրենց ժամանակին համար. յիշեցնեմ, որ անոնցմէ մէկը՝ Շահամիր Շահամիրեան դարավերջին, նոյնիսկ նախքան Ֆրանսական Յեղափոխութեան ծայր առնելը, պիտի յղանայ սահմանադրութեան նախագիծ մը Հայաստանի ապագայ հանրապետութեան համար։ Այս վաճառականն ու իր որդին մաս կազմեցին սահմանադրութիւններու յղացման շարժումին ԺԸ. դարու երկրորդ կիսուն՝ Արեւմուտքի մէջ։ Անոնք Հայկական պետութեան մը համար,– որ պիտի ըլլար խորհրդարանական հանրապետութիւն,– մտածեցին քաղաքական համակարգ մը, որ այլեւս միջնադարեան թագաւորութիւնը չէր եւ կը ներշնչուէր ԺԸ. դարու մտաւորական զարգացումէն։ Այս սահմանադրութեան բնագիրը հրատարակուեցաւ Մատրասի մէջ 1780-ական թուականներուն։
Արդիականացման այս շարժումին մէկ ուրիշ դրսեւորումը, միշտ Մատրասի մէջ, քանի մը տարի ետք, պիտի ըլլայ առաջին հայկական պարբերականին՝ «Ազդարար»-ի հրատարակութիւնը, որ 18 համարներով պիտի փոխակերպէ բնոյթը գրուածքին, որ այնքան կարեւոր է հայկական մշակոյթին մէջ։ Արդարեւ, Միջնադարու սկիզբէն ի վեր, գիրքը, ձեռագիրը թանկարժէք է, սրբազան։ Ան պէտք է ներկայ ըլլայ Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալստեան պահուն, մինչ այսպէսով կը վերածուէր ժամանցելի բանի մը, որ կու տար առօրեայ եւ շատ գործնական լուրեր։ «Ազդարար»-ի մէջ կան նաւերու ժամանման օրերը, համաշխարհային լուրեր եւ պարզապէս լուրեր հայկական փողոցէն, ուր կը գտնուէին եկեղեցին եւ տպարանը՝ Մատրասի մէջ։ Ուրեմն իսկապէս կը գտնուինք գրուածքի կարգավիճակի բոլորովին տարբեր տեսլականի մը մէջ, որ կ՚աւետէ նոր գրական ժանրեր՝ ինչպէս վէպը։
Վերջին օրինակ մը. դէպի խօսակցական հայերէն զարգացումը կը գտնուի ԺԷ. դարու վերջէն իսկ՝ Սաղմոսներու սրբազան բնագրին լուսանցքի մեկնաբանութիւններուն մէջ, որոնք դասական հայերէնով չեն, այլ բոլորին հասանելի լեզուով. անկասկած կար իսկական խախտում մը Նահապետ Ագուլեցիի եւ Յովհաննէս Կոստանդնուպոլսեցիի նախաձեռնութեան մէջ, կամ ալ՝ կարիքի մը պատասխանելու կամքը։
«ՆՅ» – Մեծ կայսրութիւններու միջեւ մրցակցութիւնն ալ նպաստա՞ծ է այս մշակութային ծաղկումին։
Մ. Ե. – Մշտական պատերազմները Հայկական լեռնաշխարհին մէջ եղան իսկական խնդիր մը, եւ որովհետեւ շրջանին կը տիրապետէին պետութիւններ,– յատկապէս Օսմանեան Կայսրութիւնը,– որոնք չէին ուզեր մշակութապէս զարգանալ, կամ թոյլ տալ որ փոքրամասնութիւնները զարգանան, հարկ եղաւ հեռանալ, նախ դէպի քաղաքներ, եւրոպական կամ հնդկական նաւահանգիստներ, ապա Կոստանդնուպոլիս. միակ միջոցն էր՝ զարգացնելու տպարաններ, դպրոցներ եւ բարձր մակարդակի մտաւորական միջավայր։ Միայն ԺԸ. դարու սկիզբէն է, որ օսմանցիները հանդուրժեցին հայկական հրատարակութիւնները, հաւանաբար որովհետեւ, իրենց աչքին, անոնք կը սնուցանէին թշնամութիւնը կաթոլիկ քարոզչութիւններուն (միսիոններուն) եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ։ Նոյնը եղաւ Պարսկական Կայսրութեան Սեֆեաններուն պարագային։ Անոնք եղան ամենահանդուրժողները, բայց անոնց անկումէն (1736) անմիջապէս ետք, Նատիր Շահ, ապա Ղաճարները բազմապատկեցին հալածանքները քրիստոնեաներուն դէմ այն աստիճան, որ անոնք երկրորդ անգամ աքսորուեցան դէպի Հնդկաստանի մեծ քաղաքները, յատկապէս Պոմպէյ, Մատրաս (այսօր Չեննայ) եւ Կալկաթա։
«ՆՅ» – Դուք դիմեցիք մասնաւոր հաւաքորդներու՝ այս ցուցահանդէսը իրականացնելու համար։ Բախտաւորութիւն մը չէ՞ գտնել այս մշակութային հարստութիւնը Սփիւռքի մէջ։ Ունի՞ք բաւարար գեղարուեստական եւ մշակութային առարկաներ՝ լուսաբանելու համար այս շրջանի ամբողջ հարստութիւնը։
Մ. Ե. – Մասնաւոր հաւաքածոներու դիմելը կը բացատրուի անով, որ Նոթր-Տամ տը լա Կարտի թանգարանը՝ Ֆրանսայի հարաւի ամենակարեւորն է, տարեկան 2-էն 3 միլիոն այցելուներով, մասնաւոր թանգարան է, որ կախում ունի Մարսիլիոյ թեմէն։ Ուստի դժուար էր մասնաւոր թանգարան մը բերել Հայաստանի Հանրապետութեան կամ ֆրանսական ու օտար թանգարաններու հանրային հաւաքածոները։ Երկու կրքոտ հաւաքորդներու՝ Ռոյ Առաքելեանի եւ Վահէ Կապրաշի հաւաքածոներու կողքին,– որոնք մօտիկ բարեկամներ են եւ որոնցմէ մէկը հայկական արուեստի առարկաներ կը հաւաքէ աւելի քան 40 տարիէ ի վեր,– մենք ալ ունէինք նմուշներ, որոնք կրնային լոյսին բերել այս ժամանակաշրջանի մեծ զարգացումները։ Պիտի գտնէք նաեւ որոշ թիւով նմուշներ՝ փոխ տրուած այլ մասնաւոր հաւաքորդներու կողմէ, բայց ցուցահանդէսին ողնայարը կը հանդիսանան վերոնշեալ երկու հաւաքածոները, որոնք Սփիւռքի ամենակարեւորներէն են։ Բնականաբար, եղան որոշ նիւթեր, զորս չկրցանք զարգացնել։ Օրինակ, մենք չունինք ԺԷ. կամ ԺԸ. դարու խաչքարեր մասնաւոր հաւաքածոյի մէջ։ Գործնականապէս գոյութիւն չունին նաեւ ԺԶ. կամ ԺԸ. դարերու գորգեր մասնաւոր հաւաքածոյի մէջ։ Ուստի մենք ստիպուեցանք հրաժարելու որոշ երեսակներէ, որոնք լաւ ծանօթ են եւ առատօրէն շօշափուած են այլ ցուցահանդէսներու, ինչպէս նաեւ համալսարանական գրականութեան մէջ վերջին տարիներուն։ Մենք, ընդհակառակն, նախընտրեցինք ծանրանալ նմուշներու եւ նիւթերու վրայ, որոնք քիչ շօշափուած են։ Մենք կը ցուցադրենք օրինակ Օպիւսոնի (Aubusson) ԺԷ. դարու գորգ մը հայկական թեմայով. Արտաւազդ Բ. թագաւորը՝ ներկայացուած Մարկոս Անտոնիոս զօրավարին կողմէ Եգիպտոսի թագուհի Կղէոպատրային։ Պիտի ներկայացուին նաեւ օփերայի գրքոյկներ, որոնք ցոյց կու տան Հայաստանի տեղը պարոք օփերայի կամ թատրոնի մէջ՝ արդի ժամանակաշրջանին։ Այս նիւթերը դժբախտաբար ցայսօր անտեսուած կը մնային այդ ժամանակաշրջանի հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան մէջ։

Ասկէ զատ, վայրը շատ յարմար է, քանի որ թանգարանը կառուցուած ըլլալով թագաւորական շրջանի բերդի մը կից, ունի պատկառելի չափի ցուցափեղկեր։ Ամենամեծ ցուցափեղկը 19 մեթր երկարութիւն ունի եւ թոյլ կու տայ ցուցադրել որոշ թիւով ոչ-տիպիկ առարկաներ, ինչպէս խորանի վարագոյր մը, որ 4 մեթր երկարութիւն եւ 2,5 մեթր բարձրութիւն ունի, ինչպէս նաեւ Օպիւսոնի գորգը, որ 4,5 մեթր երկարութիւն եւ գրեթէ 3 մեթր բարձրութիւն ունի։ Մենք պիտի կարենանք նաեւ ցուցադրել քանի մը հմայիլներ՝ հայկական թալիսմաններ, իրենց ամբողջ երկարութեամբ, որոնցմէ մէկը 12 մեթրէն աւելի է… Որքան որ գիտեմ, ցայսօր, այս տիպի առարկաներէ միայն հատուածներ կրնային ներկայացուիլ չափորոշուած (standardisé) ցուցափեղկերու մէջ։ Հարիւրէ աւելի գործեր կը ցուցադրուին, չեմ կրնար անդրադառնալ բոլորին, բայց քանի մը հատը բոլորովին բացառիկ են, ինչպէս մասունքարաններ, դրամներ եւ մետալներ, ինչպէս նաեւ տասնեակ մը ձեռագրեր, որոնցմէ երկուքը՝ չքնաղ աւետարաններ։ Պէտք է նաեւ ընդգծել, որ հիմնականին մէջ, առարկաները առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուին հանրութեան։
«ՆՅ» – Ուրեմն վայրին ընտրութիւնը ինքնաբերաբար պարտադրուեցաւ Մարսիլիոյ մէջ, վայր մը՝ բաւական մեծ, հիւրընկալելու համար այս բոլոր տարրերը, զորս թուեցիք։
Մ. Ե. – Որքան ալ ուրախալի ըլլայ թանգարանի ընտրութիւնը, ան սկիզբը կատարուեցաւ գրեթէ պատահաբար. ես հանդիպած էի Ժան-Միշէլ Սանչէզին 2021-ին, Հռոմի մէջ, գիտաժողովի մը առթիւ, որուն համակազմակերպիչն էի։ Երբ ան ինծի իմացուց Պազիլիքի թանգարանին վարիչ նշանակուիլը, ես իրեն առաջարկեցի հայկական թեմայով ցուցահանդէս մը, որ ի վերջոյ իրականացաւ։ Բացի ատկէ, Կարդինալ Ավըլին անցեալ տարի այցելեց Հայաստան։ Իր այցը եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ ընդունելութիւնը զինք շատ դրականօրէն տպաւորած ըլլալով, ան փափաքեցաւ քաջալերել ցուցահանդէսը եւ ծրագրել զայն 2025-էն իսկ, որպէսզի անոր բացումը մտնէ այս յոբելինական տարուան ծիրէն ներս։ Ուրեմն ցուցահանդէսը պիտի բացուի Դեկտեմբեր 5-ին եւ մեզի թոյլ պիտի տայ ցուցադրել 114 կտորներ, գրեթէ բոլորը առաջին անգամ ըլլալով։ Իրադարձութիւնը մեզ մղեց պատրաստելու յատկապէս ծաւալուն գաթալոկ մը՝ աւելի քան 460 էջնոց, որուն մէջ պիտի գտնուին բոլոր ձեռագրերու յիշատակարաններու վերծանումն ու թարգմանութիւնը, առարկաներուն վրայ նշուած բոլոր արձանագրութիւններու վերարտադրութիւնը եւ այլն։ Այս աշխատութիւնը գեղեցիկ գիրք մըն է եւ կրնամ վստահեցնել, որ ան նաեւ օգտակար պիտի ըլլայ հետազօտողներուն համար՝ իր պարունակած անտիպ փաստաթուղթերուն եւ ծանօթագրութիւններուն պատճառով։
«ՆՅ» – Շնորհակալութիւն Մաքսիմ Եւատեան այս հարցազրոյցին եւ պատմական այս լուսաբանումներուն համար՝ կապուած այս ցուցահանդէսին հետ, որ կը սկսի Դեկտեմբեր 5-ին։
Մ. Ե. – Շնորհակալութիւն։
Հարցազրոյցը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■
Հարցազրոյցին տեսանիւթը (ֆրանսերէն)՝ հետեւեալ կապով.-
https://youtube.be/VPp0kQyRMRE
Գործնական տեղեկութիւններ.-
Musée de la Basilique Notre-Dame de la Garde, Rue Fort du sanctuaire, 13006, Marseille. Բաց է ամէն օր՝ ժամը 9-էն 17։ Մուտքի գին՝ 3 եւրօ – անվճար՝ 12 տարեկանէն վար փոքրերուն համար։
Ցուցահանդէսի գաթալոկը.- Trésors arméniens d’une culture en mouvement 1512-1828,
48 եւրօ, հասանելի է բազիլիկի վաճառատան, գրախանութներու մէջ եւ https://sourcesdarmenie.com/boutique կայքին վրայ։