Հրաչեայ Աճառեանի 150-ամեակը ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Ականաւոր անձնաւորութիւններու օրացոյցին մէջ

Սամարղանտի մէջ ընթացող ԻՒՆԵՍՔՕի Ընդհ. համաժողովի 43-րդ նստաշրջանին որոշուած է ընդգրկել հայ անուանի լեզուաբան, ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանի (1876-1953) ծննդեան 150-ամեակը, ինչպէս նաեւ Երեւանի՝ Հանրապետութեան հրապարակի շինարարութեան սկիզբի (1927) 100-ամեակը ԻՒՆԵՍՔՕի՝ Ականաւոր անձնաւորութիւններու եւ Կարեւոր իրադարձութիւններու 2026-2027 տարեշրջանի օրացոյցին մէջ։

1998-էն ի վեր, ԻՒՆԵՍՔՕի Ականաւոր անձնաւորութիւններու եւ Կարեւոր իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ ընդգրկուած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած 31 յոբելինական թուական։