Սրտի անհուն կսկիծով տեղեկացանք, թէ Նոյեմբեր 12-ին Պէյրութի մէջ, 86 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ, բայց հանրածանօթ՝ որպէս վաստակաշատ կրթական մշակ, հմուտ լեզուաբան, մա՛նաւանդ աննման հայագէտ, զանազան աշխատութիւններու հեղինակ՝ տոքթ․ Արմենակ Եղիայեան։
Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Կիրակի, Նոյեմբեր 16, ժամը 13-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունը:
Շուտով կ՚անդրադառնանք մանրամասնօրէն։