Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Հոկտեմբեր 14-ին ընդունած է ԵԱՀԿ—ի ներկայ շրջանի նախագահ Էլինա Վալթոնէնը։ Տեսակցութեան աւարտին տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Միրզոյեան յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին նախաստորագրումէն ետք՝ մնացած չլուծուած հարցերէն առաջնայինը Պաքուի մէջ պատանդ պահուող հայերու ազատ արձակումն է։ “Յոյս ունիմ՝ յառաջիկային գերիներուն վերաբերեալ լաւ նորութիւններ կ՚ունենանք”,– ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ հարցը քննարկած է ազերպայճանցի իր պաշտօնակիցներուն հետ՝ նոյնիսկ Շարմ էլ—Շէյխի վեհաժողովի շրջանակին մէջ։ “Մենք ամէնօրեայ աշխատանք կը տանինք այս ուղղութեամբ”,– հաւաստած է նախարարը։
Նոյն մամլոյ ասուլիսին, Արտաքին գործոց նախարարը անդրադառնալով Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու Ազերպայճանի պահանջին՝ ընդգծած է, որ երկկողմ քննարկումներուն մէջ այդպիսի հարց գոյութիւն չունի։