Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանը՝ դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեանի գլխաւորութեամբ Հոկտեմբեր 3-ին հրապարակած է Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի դատավճիռը։
Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդը մեղաւոր նկատուած է իշխանութիւնը գրաւելու հրապարակային կոչեր հնչեցնելու յանցանքով եւ դատապարտուած է 2 տարի բանտարկութեան:
Սեպտեմբեր 24–ին հրապարուած էր մեղադրական վճիռը. Դատախազը պահանջած էր 2,5 տարի ազատազրկում:
Միքայէլ արքեպիսկոպոսի՝ «երկրին մէջ ռազմական յեղաշրջում ընելու» յայտարարություններուն առթիւ նախաձեռնուած էր դատական հետապնդումի՝ իշխանութիւնը գրաւելու, հողային ամբողջականութիւնը խախտելու կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու ուղղուած հրապարակային կոչեր ընելու մեղադրանքով։