«ԹԱՍՍ» գործակալութեան համաձայն՝ Ռուսաստանի ոստիկանութիւնը քրէական գործեր յարուցած է Մոսկուայի մէջ Հայաստանի և Պելառուսի դեսպանատուներու պայթումի սպառնալիքներով անանուն հաղորդումներէն յետոյ, որոնք իբր թէ պէտք է իրագործուէին, եթէ երկու երկիրներու զօրքերը չհեռանային Ղազախստանի տարածքէն:
Ռուսաստանի Քրէական օրէնքը՝ այս պարագային («ակնյայտ կեղծ հաղորդում ահաբեկչութեան մասին») կը նախատեսէ 500-էն 700 հազար ռուբլի տուգանք կամ երեքէն հինգ տարի բանտարկութիւն։
Նշենք, թէ Յունուար 7-ին անծանօթներ պայթումի սպառնալիքներով նամակներ յղած էին Հայաստանի և Պելառուսի դեսպանատուներու ելեկտրոնային հասցէներուն: Ոստիկանութեան կողմէ փնտռտուքներէ ետք, շէնքերէն որեւէ պայթուցիկ նիւթ չէ յայտնաբերուած։