Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսայի դեսպան Անն Լույօն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յուլիս 19-ին ընդունած է Ֆրանսայի դեսպան Անն Լույօն, որ կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը՝ Հայաստանի մէջ: 

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին արդիւնաւէտ համագործակցութեան եւ ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու զարգացման նպաստելուն համար: Ան նշած է, որ տարբեր բնագաւառներու մէջ երկկողմանի փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժ բնոյթ կը կրէ եւ համոզում յայտնած, որ ան յառաջիկային եւս կը շարունակէ ամրապնդուիլ։

Վարչապետը յաջողութիւն մաղթած է դեսպանին իր հետագայ աշխատանքներուն համար։

“Իմ անձին վերաբերող շշուկները լոկ զրպարտութիւն են”

Այս առթիւ նշենք, որ միջոց մը առաջ՝ ֆրանսահայ լրագրող Լէօ Նիկոլեանի պնդումներու հիման վրայ լուրեր տարածուեցան Անն Լույոյի ազերպայճանական կողմին հետ ուղղակի եւ անուղղակի կապերուն եւ դատապարտելի այլ քայլերուն վերաբերեալ, որոնց մենք ալ առիթը ունեցանք անդրադառնալու։ Այն ատեն արդէն այդ պարունակին մէջ կ՚ըսուէր, թէ դեսպանուհին հայկական կողմին յայտնած դժգոհութեան հետեւանքով պիտի փոխարինուի։ Առանց այդ պնդումներուն հիմնաւոր կամ անհիմն ըլլալուն մասին վճիռ կայացնելու կամ կարծիք յայտնելու յաւակնութեան՝ արդար ըլլալու համար պէտք է նշենք, որ այդ օրերէն ի վեր մենք Երեւանի՝ այս հարցով ներկայացուցած պաշտօնական ոչ մէկ բողոքի հանդիպեցանք։ Բնականաբար, սա չի նշանակեր, որ ներքին կարգով ալ այդպիսի բան չէ կատարուած, կամ՝ հակառակը։ 

Անն Լույօ «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին՝ իր պաշտօնի պայմանաժամի աւարտէն առաջ մեկնումի մասին հարցումին տուած է հետեւեալ պատասխանը.

“Իմ անձին վերաբերող շշուկները լոկ զրպարտութիւն են, որ պատժականօրէն հետապնդելի է օրէնքի երկրի մէջ։ Ուստի, բողոք ներկայացուցած եմ՝ թողելով, որ  արդարադատութիւնը կատարէ իր գործը եւ վճիռ կայացնէ:

Տխուր եմ, որ անձնական եւ ընտանեկան պատճառներով ստիպուած եմ լքել Հայաստանը յագեցած եւ այնքա՜ն հարուստ երկու տարիներէ յետոյ։ Ես հոս կը ձգեմ շատ ընկերներ եւ կը մեկնիմ լաւագոյն յիշատակներով: Վստահ եղէք՝ պիտի չմոռնամ ձեր երկիրը”։