Նոյեմբեր 11-ի ոգեկոչման ընդառաջ

107 տարի առաջ Ա. Աշ­խարհար­մարտը վեր­ջա­ցաւ: Այս տա­րի եւս կը յի­շուին այդ պա­տերազ­մի ըն­թացքին զո­հուած, կոր­սուած զի­նուոր­ներ կամ պարզ քա­ղա­քա­ցի­ներ եւ յար­գան­քի տուրք կը մա­տու­ցուի Ֆրան­սա­յի բո­լոր քա­ղաք­նե­րուն մէջ: Անոնց անուն­նե­րը փո­րագ­րուած են յու­շա­կոթող­նե­րու, յու­շա­քարե­րու վրայ:

Փա­րիզի Ս. Յով­հաննէսՄկրտիչ մայր տա­ճարն ալ ու­նի նման յու­շա­քար մը զե­տեղուած 1921 թուակա­նին եւ նուիրուած Ֆրանսա­յի հա­մար զո­հուած հայ կա­մա­ւոր­նե­րուն: Հոն կը գտնուին 62 անուն­ներ: Կ՚ու­զէի անոնց­մէ ոմանց մա­սին հա­ղոր­դել տե­ղե­կու­թիւններ, որոնք ցայսօր չեն ար­ծարծուած կամ՝ միայն մա­սամբ ար­ծարծուած են:

ԱՏիգ­րան Դի­մաք­սեանԳնդա­կահա­րուա­ծը

1915 Յու­նիս 20-ին Մառն (51) նա­հան­գի Բրու­յի (Prouilly) հա­մայնքը գտնուող Ֆրան­սա­կան բա­նակի զի­նուոր­նե­րը պէտք է ճամ­բայ ել­լեն ճա­կատ հաս­նե­լու հա­մար: 44 լե­գէոնա­կան­ներ՝ ռուս, հայ, իտա­լացի եւ այլ, իրենց տրուած հրա­մանին ժխտա­կան պա­տաս­խա­նելով, ըմ­բոստա­նալով կը մեր­ժեն զայն կա­տարել: Ի՞նչ էր իրենց պա­հանջքը. կ՚ու­զէին ֆրան­սա­կան գունդին մաս կազ­մել, որով­հե­տեւ լե­գէոնա­կան գունդին մէջ իրենց դէմ կը ցու­ցադրուէր վե­րաբե­րում: Իսկ հա­յերը ու­նէին երկրորդ պատ­ճառ մըն ալ. ըստ Ֆրան­սա­յի Ծե­րակոյ­տի մէկ որո­շու­մին (ոչ տա­կաւին օրէնք) ֆրան­սա­կան բա­նակի զի­նուոր­նե­րը չէին կրնար կռուիլ ընդդէմ այն եր­կիրնե­րուն, որոնց եւս հպա­տակու­թիւնը ու­նէին: Սա պա­րագան էր հայ զի­նուոր­նե­րուն, որոնք մե­ծամաս­նութեամբ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան հպա­տակ էին:

Ֆրան­սա­կան բա­նակի հրա­մանա­տարու­թիւնը ան­մի­ջապէս կը մի­ջամ­տէ, քան­զի պէտք չէր որ այս շար­ժումնե­րը այլ ճա­կատ­ներ տա­րածուէին: Կը ջա­նան հա­մոզել ըմ­բոստնե­րը եւ կը յա­ջողին 17 լե­գէոնա­կան­նե­րու վե­րադար­ձը իրենց գունդե­րը: Իսկ մնա­ցած 27 հո­գին, որոնց մէջ 8 հա­յեր, միշտ կը մեր­ժեն հնա­զան­դիլ:

1915 Յու­նիս 21-ին Բե­ւի (Pévy-51) հա­մայնքին մէջ ժո­ղով կը գու­մա­րէ Պա­տերազ­մի յա­տուկ խոր­հուրդը, որ եր­կու ժա­մուան նիս­տով, հապ­ճեպ որո­շու­մով՝ զա­նոնք,– 9 զի­նուոր­ներ,– այս ըմ­բոստու­թեան առաջ­նորդ նկա­տելով, կը դա­տապար­տէ մա­հապա­տիժի, իսկ միւսնե­րը հար­կա­դիր աշ­խա­տան­քի: Մա­հուան դա­տապար­տուած­նե­րը առանց բա­ցառու­թեան միշտ եղած էին ճա­կատը, մա՛նա­ւանդ 1915 Յու­նուարին մաս­նակցած Շը­մէն տէ Տա­մի (02) առա­ջին բուռն կռիւ­նե­րուն:

Դա­տապար­տուած հայ զի­նուոր­ներն էին.

Մա­հապա­տիժի՝ Տիգ­րան Դի­մաք­սեանծն. 1878, Մուշ կամ Վան

Հար­կա­դիր աշ­խա­տան­քի՝

Հմա­յեակ Բէմ­պէ­ճեան ծն. 1891, Վան – 10 տա­րի*

Ար­մե­նակ Էլ­մա­սեանծն. 1888, Փլով­տիւ – 10 տա­րի*

Կա­րապետ Կիւլպէն­կեանծն. 1884, Կե­սարիա – 5 տա­րի*

Յա­կոբ Սա­րայ­տա­րեանծն. 1887, Կ.Պո­լիս – 5 տա­րի*

Կրե­կուար Եաճեանծն. 1891, Պրու­սա – 10 տա­րի

Յա­կոբ Խե­տիճեանծն. 1886, Կ.Պո­լիս – 10 տա­րի

Ժո­զէֆ Քո­չիկեանծն. 1889, Կ.Պո­լիս – 10 տա­րի

Դէպ­քե­րուն վկայ զի­նուոր Վիք­թոր Մէ­րիք, ապա­գային լրագ­րող, կը գրէ. «Տիգ­րան Դի­մաք­սեանը, ար­հեստով ճար­տա­րագէտ, չէր հա­ւատար որ ֆրան­սա­ցի սպա­ները կրնան թոյ­լատրել նման ոճիր մը»:

Յա­ջորդ օրը՝ Յու­նիս 22, ժա­մը 15-ին, Քիւ­վիի (Cuvie) ան­տա­ռի բա­ցաս­տա­նը այդ 9 զի­նուոր­նե­րը (7 ռուս, 1 լեհ, 1 հայ) կը գնդա­կահա­րուին, իբր օրի­նակ, իրենց հրա­մանա­տար­նե­րուն ներ­կա­յու­թեան: Տ. Դի­մաք­սեանի վեր­ջին խօս­քը կ՚ըլ­լայ՝ «Non, non ! Vive la France tout de même»: Գնդա­կահա­րուած­նե­րը թա­ղուած են տեղ­ւոյն վրայ, սա­կայն ժա­մանա­կի ըն­թացքին ան­հե­տացած են անոնց շի­րիմ­նե­րը:

Իսկ հար­կա­դիր աշ­խա­տան­քի դա­տապար­տուած հայ զի­նուոր­նե­րը, մի­ջոց մը յե­տոյ նե­րու­մի ար­ժա­նանա­լով կը վե­րադառ­նան բա­նակ: Անոնցմէ չոր­սը (նշուած *) կը զո­հուին զա­նազան ճա­կատ­նե­րու վրայ:

Բե­ւիի քա­ղաքա­պետի կցորդ ԺանՀիւկ Լա Փա­լիսատ Գրե­թէն կը հե­տաքրքրուի այս նիւ­թով եւ քա­ղաքա­պետա­րանի որո­շու­մով յու­շա­կոթող մը կը զե­տեղուի գնդա­կահա­րուած­նե­րու յի­շատա­կին: 2024 Նո­յեմ­բեր 11-ին բա­ցու­մը կը կա­տարուի անձնա­ւորու­թիւննե­րու ներ­կա­յու­թեամբ: Քա­ղաքա­պետա­րանի ծրա­գիրն է նաեւ փոքր թան­գա­րանի վե­րածել նշեալ վայ­րը ուր մա­հուան դա­տապար­տուեցան այդ զի­նուոր­նե­րը:

Հուսկ, առ ի տե­ղեկու­թիւն նշեմ՝ հա­կառակ անոր որ Տիգ­րան Դի­մաք­սեան պաշ­տօ­նապէս չի նկա­տուիր Ֆրան­սա­յի հա­մար զո­հուած, սա­կայն փա­րիզեան Փեռ Լա­շէզ գե­րեզ­մա­նատան ընդհա­նուր մուտքի յու­շա­կոթո­ղին վրայ կը գտնուի նաեւ իր անու­նը, հա­զարա­ւոր ու­րիշնե­րու կող­քին:

ԲՅա­կոբ Քի­րազեան: Ու­րիշ անուն, ու­րիշ պատ­մութիւն:

2014 Հոկ­տեմբեր 16-ի «Նոր Յա­ռաջ»-ի սիւ­նակնե­րուն մէջ անդրա­դար­ձած էի Հայ կա­մաւո­րի մը շիր­մա­քարին կա­ցու­թեան: Յա­կոբ Քի­րազեան ծնեալ 1886-ին Ռո­տոս­թօ, 1914-ին կ՚ար­ձա­նագ­րուի իբր լե­գէոնա­կան, ֆրան­սա­կան բա­նակին մէջ: Կը կռուի զա­նազան ճա­կատ­նե­րու վրայ եւ դժբախ­տա­բար կը զո­հուի 1916 Յու­լիս 6-ին Պել­լուաանՍան­թէր (80) հա­մայնքին մէջ: Կը թա­ղուի Լի­հոնի (80) Ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նատու­նը: Սա­կայն անոր մար­մի­նը կ՚ամ­փո­փուի իբր մահ­մե­տական, յա­տուկ շիր­մա­քարով: Գե­րեզ­ման այ­ցե­լու­թեանս ըն­թացքին, գե­րեզ­մա­նատան տո­մարին մէջ յայտնած էի զար­մանքս ու դժգո­հու­թիւնս: Սոյն շիր­մա­քարի փո­փոխու­թեան հա­մար գե­րեզ­մա­նատան պա­տաս­խա­նատու­նե­րուն դի­մու­մէս քա­նի մը տա­րի յե­տոյ Յա­կոբ Քի­րազեան այժմ ունի իր անունը կրող խաչը:

 

Հայ նահատակներու յիշատակին:

Հրանդ ՆՈՐՇԷՆ