Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան Դեկտեմբեր 18-ին հրաւիրուած է Քննչական կոմիտէ՝ պարզաբանելու համար ազերպյճանական կողմէն տարածուած լուրերը, ըստ որոնց ի՛նքն է, որ Պաքուին հաղորդած է նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գտնուած վայրին տուեալները։
Շահրամանեան բացարձակ սուտ եւ յօրինուած թեզ որակած է այդ լուրերը՝ նշելով, որ զանոնք տարածած են ազերպայճանական կայքերն ու Հայաստանի մէջ գործող որոշ «արբանեակներ»։
Նախագահը ընդգծած է, որ Ռուբէն Վարդանեան չէր պահուըտած անտառներու կամ պունքըրներու մէջ, այլ միւսներուն պէս փորձած է Լաչինի միջանցքով դուրս գալ, ուստի անտրամաբանական է անոր գտնուած վայրին տուեալները տրամադրած ըլլալու վարկածը, քանի որ ան ձերբակալուած է Հակարիի կամուրջին վրայ։
Շահրամանեան որպէս վկայ հարցաքննուած է 2023-ին Սամուէլ Պապայեանի հաղորդման հիման վրայ յարուցուած գործի շրջանակին մէջ։
Ան նշած է, որ ռուսական ուղղաթիռներով ղեկավարութեան տեղափոխումը անկարելի էր խիստ ստուգումներու պատճառով ։ Պաքուն պահանջած էր նաեւ Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Կամօ Վարդանեանը, սակայն ան յաջողած է հասնիլ Հայաստան։
Շահրամանեան պաշտպանած է արցախցիներուն վերադարձի իրաւունքը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնած Ամենայն հայոց կաթողիկոսին՝ դատապարտելով վերջինիս դէմ իշխանութեան արշաւը։
Շահրամանեանի փաստաբանը յաճախակի հարցաքննութիւնները կը համարէ իշխանական ճնշում եւ չի բացառեր անոր կալանաւորումը։