ՇԱՐԺԱՐՈՒԵՍՏ – Հայ արտադրող Սեւ Օհանեանի «Մեղաւորները» հինգ անուանակարգի մէջ թեկնածու՝ Կրեմմի մրցանակի

Ամերիկահայ արտադրող (producer) Սեւ Օհանեան երաժշտութեան ոլորտի Կրեմմի մրցանակաբաշխութեան պատմութեան մէջ հազուադէպ յաջողութիւն մը արձանագրած է։ Անոր վերջին ֆիլմը՝ «Մեղաւորները» («Sinners»), 68-րդ ամէնամեայ Կրեմմի մրցանակաբաշխութեան  թեկնածու ընտրուած է հինգ անուանակարգի մէջ, ինչ որ զայն կը դասէ բոլոր ժամանակներու ամենաշատ անուանակարգի մէջ ընտրուած ֆիլմերու շարքին։

Ռայըն Քուկլըրի կողմէ ղեկավարուած եւ Սեւ Օհանեանի, Ռայընի ու Զինզի Քուկլըրի կողմէ արտադրուած ֆիլմը ճանաչումի արժանացած է գլխաւոր հինգ անուանակարգերու մէջ՝ իր հզօր երաժշտութեան, ինքնուրոյն երգերուն (երեք տարբեր ոճեր) եւ ձայնային համադրումին (compilation soundtrack) համար, որոնք արտակարգ արուեստով կը կապեն շարժարուեստի եւ երաժշտութեան աշխարհները։

Ֆիլմին մասին

«Մեղաւորները» ֆիլմի պատմութիւնը կ՚ընթանայ 1930-ականներուն, Միսիսիփի Տելթայի մէջ. վարպետօրէն կը միահիւսէ Հարաւային Կոթականութեան (Southern Gothic), գերբնական սարսափի եւ երաժշտական թատերգութեան տարրերը, ուսումնասիրելով հաւատքի, մեղքի եւ գոյատեւման բնաբանները՝ յուզիչ պատկերներու եւ հոգեւոր պատմագրութեան խառնուրդի մը միջոցով։

Իր հինգ թեկնածութիւններով, «Sinners»-ըՄեղաւորները») կը միանայ «The Bodyguard», «Purple Rain» եւ «A Star Is Born» առասպելական ֆիլմերու շարքին։

Կրեմմիի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2026 Փետրուար 1-ին, Լոս Անճըլըսի Crypto.com Arena-ին մէջ, ուր ինչպէս վերեւ ըսուեցաւ, «Մեղաւորները» պիտի մրցի գլխաւոր հինգ անուանակարգի մէջ։