Մայիս 17-ին, Շուէտի Վեսթերոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է «Հ.Մ.Ը.Մ.» ակումբի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։
Հանդիսութեան սկիզբը Հ.Մ.Ը.Մ.-Վեսթերոսի սկաուտները, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-Սթոքհոլմի շեփորախումբին, ակումբի մուտքին շարուած՝ հիւրընկալած են ժողովուրդը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Վեսթերոս մեկուսի շրջանի ատենապետ Տիգրան Կէօվշենեան հրաւիրած է Մկրտիչ քհնյ Գրիգորեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆէտի Գազանճեանը միասնաբար կտրելու կարմիր ժապաւէնը եւ պաշտօնապէս բացուած յայտարարելու ակումբը։
Ակումբին մէջ յայտագիրը ծայր առած է Շուէտի, Հայաստանի, Արցախի փառերգերով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգով։ Ցուցադրուած է կենսագրական-վաւերագրական տեսանիւթ մը՝ կենդանի մեկնաբանութեամբ, նուիրուած Հ.Մ.Ը.Մ.-Վեսթերոսի հիմնադրութեան 10-ամեակին։ Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցած են Հ.Մ.Ը.Մ.-Վեսթերոս մեկուսի շրջանի ատենադպիր Վազգէն Մարգարեան, Հ.Յ.Դ. «Հիւսիսեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Տէր Սահակեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆէտի Գազանճեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան։
Հանդիսութեան ընթացքին Պէթթի Քիլէրճեան արտասանած է Մուշեղ Իշխանի «Հայաստան»-ը, իսկ Յարութ Գազեզեան ջութակի կատարումով ներկայացուցած է Կոմիտասի «Ալ այլուղս»-ը։
Մկրտիչ քհնյ Գրիգորեանի եւ Գէորգ սարկաւագ Գրիգորի «Պահպանիչ» աղօթքով իր աւարտին հասած է օրուան յայտագիրը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։