Ուրսուլա վոն տեր Լեյէն. « Հայաստան ԵՄ-ի առանցքային գործընկերն է»

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լեյէն Հոկտեմբեր 3-ին, « X »-ի իր էջին՝ անդրադառնալով նախորդ օր վարչապետ Փաշինեանի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Գոսթայի հետ ունեցած հանդիպումին, գրած է. «Մենք շատ բովանդակալից զրոյց ունեցանք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Շնորհաւորեցինք Հայաստանը՝ Ուաշինկթընի մէջ Ազերպայճանի հետ Թրամփի աջակցութեամբ ձեռք բերուած նշանակալի յառաջընթացին համար։ Սա կարեւոր քայլ է տարածաշրջանոին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ։ Մենք վճռական ենք խորացնելու մեր համագործակցութիւնը։ Հայաստան ԵՄի համար առանցքային գործընկեր է»։

Վոն տեր Լեյէն ընդգծած է, որ «Համընդհանուր դարպաս» (« Global Hub ») ռազմավարութեան միջոցով պիտի խթանեն տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնը՝ ընդգրկելով առեւտուրը, փոխադրամիջոցները, ուժանիւթնութուայինոլորտները։

«Անհամբեր կը սպասենք 2026-ի առաջին կէսին Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի յաջորդ վեհաժողովին»,աւելցուցած է ան։

Անթոնիօ Գոսթա եւս նման բովանդակութեամբ գրառում մը կատարած է «X»-ի իր հաշիւին։