Ուքրաինայի Թերնոպիլ շրջանի Եազլովեց գիւղին մէջ յայտնաբերուած է հայ վարպետներու կերտած 414-ամեայ եզակի եւ հազուագիւտ ջրաբաշխական կառոյց մը, որ կը հանդիսանայ հայկական ժառանգութեան ուշագրաւ կտոր մը եւ տարածաշրջանի հայկական ճարտարագիտութեան ամենահին ու ամենազարգացած օրինակներէն մէկը։
Ուքրաինայի Հայոց միութիւնը կը յայտարարէ, թէ հետազօտողներ պատահաբար գիւղին մառաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերած են հայ վարպետներու ձեռքով 1611-ին կառուցուած հայկական ջրհոր մը եւ հաստատած, որ ան բարդ ճարտարագիտութեամբ ջրաբաշխական համակարգ մըն է։
Կառոյցը մնացած է գրեթէ անյայտ աւելի քան չորս դար, քանի որ անոր մեծ մասը կը գտնուի գետնին տակը։ Դուրսէն ան կ՚երեւի որպէս թուճէ (fonte) խողովակով պարզ քարապատ աղբիւր մը, սակայն հետազօտողները բացայայտած են, որ այս համեստ արտաքինին տակ կը գտնուի ջրաբաշխական բարդ համակարգ մը, որ հզօր բնական աղբիւրէ մը ջուրը կ՚ուղղէ դէպի ստորերկրեայ ջրամբար մը, նախքան անոր դուրս հոսիլը։
Աղբիւրին պատին վրայ պահպանուած է լատիներէն եւ հայերէն արձանագրութիւններով քանդակուած քարէ սալիկ մը։ Արձանագրութիւնը կ՚ըսէ.
«Հայ Յակոբը շինեց զայս 1611-ին՝ հասարակութեան բարօրութեան համար։ Այս խաչը եւ կառուցուած աղբիւրը Յակոբի եւ իր եղբօր՝ Ստեփանի գործն են։ Աբրահամ քարտաշը իր արհեստը նուիրումով կատարեց»։
Սալիկին վերեւի մասին մէջ պատկերուած է թեւերը տարածած արծիւ մը, որուն տակ կը կանգնի բարդ եւ անսովոր ծաղկային զարդանախշերով խաչ մը՝ հայկական միջնադարեան քարագործութեան կնիքը հանդիսացող։
Պատմաբաններն ու հետազօտողները կը հաւատան, որ Եազլովեցի հայ արհեստաւորները կրնան նաեւ իրենց ներդրումն ունեցած ըլլալ այլ տեղական յուշարձաններու մէջ, ներառեալ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման եկեղեցւոյ քանդակուած զարդարանքները եւ հին բերդին դարպասները, ինչ որ կը վկայէ տարածաշրջանին մէջ հայ համայնքիերկարամեայներկայութեանուանորանդամներուվարպետութեանմասին։