Անկասկած, բոլորին ուշադրութիւնը գրաւած է վարչապետ Փաշինեանի՝ Անկախութեան տօնին առթիւ հրապարակած ուղերձին մէջ «Չորրորդ Հանրապետութիւն» եզրին գործածութիւնը, որ յանկարծ կը յայտնուի հայաստանեան քաղաքական ասպարէզին եւ ընդհանրապէս հայաշխարհին մէջ։
Փաշինեան այս մասին արտայայտուած է Անկախութեան տօնին նախորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 20-ին տեղի ունեցած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան 7-րդ համաժողովի ընթացքին։
Վարչապետը, որ ՔՊ—ի վարչութեան նախագահն է, իր ելոյթին ներկայացուցած է կուսակցութեան հռչակագիրը.
“«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը՝
– ապաւինելով Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդին,
– առաջնորդուելով Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերով,
– առաջնորդելով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան ամրապնդման ՀՀ քաղաքացիների մղումը,
– վերլուծելով Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան պատմութիւնը,
– հաւատալով եւ հաւատարիմ լինելով Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութեանը ծառայելու իր պատմական առաքելութեանը,
– ողջունելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնը,
– ապահովելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան, նրա քաղաքացիների ազատութիւնը, անվտանգութիւնը, բարեկեցութիւնը եւ երջանկութիւնը,
– ամրապնդելու համար ժողովրդի իշխանութիւնը,
– յենուելով Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութեան վրայ՝
հռչակում է Հայաստանի 4-րդ Հանրապետութեան հաստատումը որպէս առաջիկայ ռազմավարական անելիք”։
Ինը կէտէ բաղկացած այս հռչակագրով ՔՊ—ն կը դիմէ ժողովուրդին՝ անկէ ակնկալելով լիազօրագիր՝ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, այլ խօսքով՝ ներկայի իշխանութեան վերընտրութիւն։
Հռչակագրին մէջ նաեւ կ՚ըսուի, որ ընտրութիւններէն յետոյ պիտի նախաձեռնուի նաեւ նոր Սահմանադրութեան ընդունման հանրաքուէի։
ՔՊ—ն կը յայտարարէ, որ պիտի շարունակէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ջանքերը՝ այդ չհակադրելով տարածաշրջայնացման քաղաքականութեան։
Համաժողովի աւարտին Փաշինեան պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ ըսած է, որ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութիւնը մեր ինքնութեան մէկ մասն է, բայց փոխուած են իրողութիւնները եւ հիմա երկիրը կը գտնուի նոր փուլի մէջ։
Փաշինեան աւելցուցած է, թէ Չորրորդ Հանրապետութիւնը արդէն ստեղծուած է եւ իրենք միայն կը փորձեն ձեւակերպել այդ փաստը։
“Իմ կարծիքով, Չորրորդ Հանրապետութիւնը հաստատուած է։ Չորրորդ Հանրապետութիւնը հաստատուած է խաղաղութեամբ, Ալմաթիի հռչակագրի վերահաստատմամբ։ Չորրորդ Հանրապետութիւնը հաստատուած է Կիրանցով եւ Ոսկեպարի եկեղեցով”,– ըսած է ան։
նշենք, որ նոյն համաժողովին Փաշինեան վերընտրուած է «ՔՊ»-ի նախագահ։