Ընկերաբանական կամ հոգեբանական բացայայտում մը ըրած պիտի չըլլանք, եթէ ըսենք, որ հայերս կը սիրենք շուտով համոզուիլ, թէ մեզ ժպտելով, գիրկընդխառնուելով դիմաւորող օտար պետութեան իւրաքանչիւր ղեկավար կամ պատասխանատու մեր բարեկամն է։ Այո՛, թերեւս ալ այդպէս է, շահերու թոյլ տուած սահմաններուն մէջ։ Բայց միաժամանակ կ՚ուզենք հաւատալ, թէ այդ նոյն ղեկավարը կամ պատասխանատուն մեր թշնամիին կամ թշնամիներուն նկատմամբ ալ՝ բացասական կեցուածք պիտի ցուցաբերէ մեր պատճառով։ Հո՛ս է, որ կը սխալինք չարաչար։
Ասոր լաւագոյն օրինակն է Շարմ էլ—Շէյխի մէջ տեղի ունեցած Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան վեհաժողովին՝ նախագահ Մաքրոնի, չըսելու համար աւելին՝ մտերմիկ վերաբերումը Ալիեւի նկատմամբ։ Ո՛չ թէ միայն հայկական «գործօն»-ը, այլ նաեւ Ազերպայճանի նախագահին իր հասցէին ունեցած բազմաթիւ վիրաւորական արտայայտութիւնները արգելք չեն եղած նման սիրալիր կեցուածքի, որուն մասին կը վկայեն բազմաթիւ տեսանիւթեր։Անտեղի չէ նաեւ աւելցնել, որ Մաքրոն ի՛նք կ՚երթայ Ալիեւին քով, մինչ վերջինս կռնակը դարձած, արդէն զրոյցի մէջ է։
Ինչպէս ըսինք՝ շահե՛րը կը ճշդեն սահմանները։
Երեւոյթը չէ վրիպած նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան Նաթալի Լուազոյի աչքէն, որ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած է հետեւեալ գրառումը.
«Պարո՛ն Նախագահ, ինծի կը թուի, թէ ձեռքսեղմում մը բաւարար էր, եթէ ոչ ի յիշատակ ցեղային զտումի զոհ 120.000 արցախահայերուն, կամ Ազերպայճանի միջամտութեան, գոնէ Իլհամ Ալիեւին՝ ձեզի ըրած անարգանքներուն համար»։
Այնպէս կը թուի, թէ այս օրերուն Ազերպայճանի նախագահին աստղը կը փայլի։
Մաքրոնի աւելի քան սիրալիր վերաբերումէն ետք, Ալիեւ արժանացած է նաեւ ԱՄՆ—ու նախագահին դրուատանքին։
Այսպէս, Թրամփ դարձեալ յիշատակած է անոր անունը՝ Շարմ էլ—Շէյխի խաղաղութեան վեհաժողովին՝ Կազայի հրադադարի վերջնական համաձայնագրի ստորագրման արարողութեան իր ելոյթին։
“Շնորհակալ եմ բոլորիդ այսօր այստեղ ներկայ գտնուելուն համար։ Ես լուծեցի այս մարդուն, Ազերպայճանի պատերազմի հարցը”,– ըսած է Թրամփ, դիմելով Ալիեւին ու շարունակած, ակնարկելով Ազերպայճան—Հայաստան խաղաղութեան գործընթացին՝ “32 տարուան հակամարտութիւն կար, բայց մենք հարցը լուծեցինք շուրջ մէկ ժամուան մէջ, չէ՞”։
“Ան շատ զօրաւոր ղեկավար մըն է, շատ լաւ գործ կ՚ընէ”,– աւելցուցած է Թրամփ Ալիեւի մասին։