Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պելառուսի մէջ Պաքուի հրահանգով ձերբակալուած հայ կայքագրող Պելլա Բաբախանեան Հայաստան կը գտնուի

Ինչպէս հաղորդած էինք, հայ կայքագրող Պելլա Բաբախանեան, որ Պելառուսի մէջ  ձերբակալուած էր «Ազերպայճանի իշխանութիւնները զրպարտել»-ու «յանցանք»-ով, ժամանած է Հայաստան:

Լրագրողներու հետ զրոյցին ան ըսած է, թէ 14 օր ձերբակալուած մնացած է կալանավայրի մը մէջ, պարզապէս որովհետեւ «Անդրանիկի գերեզմանին քով տեսանիւթ նկարահանած էի, ուր յայտնած էի՝ “Անդրանի՛կ, ժամանակին պէտք է բոլորը ոչնչացուցած ըլլայիր, որ այսօր «Եռաբլուր»-ը գոյութիւն չունենար”: Այս տեսանիւթն է, որ շատ ցաւցուցած է ազերպայճանցիները»: Կայքագիրը յայտնած է նաեւ, որ կը մտածէ Հայաստան մնալու մասին, որովհետեւ ուրիշ երկիրները արդէն վտանգաւոր են իր գործունէութեան համար:

Նշենք, թէ գործարար Գագիկ Ծառուկեանն է, որ կրցած է կարգաւորել խնդիրը։ Այս կապակցութեամբ Ծառուկեանի բանբեր՝ Իվետա Տօնոյեան, յայտարարած է.

“Մեր հայրենակցուհին յայտնուած էր բարդ կացութեան մէջ եւ Գագիկ Ծառուկեան իր պարտքը համարեց՝ օգտագործել բոլոր հնարաւոր ու հասանելի եղանակները, դիւանագիտական ուղիները, անձնական եւ մարդկային բոլոր կապերը՝ իրավիճակը հասկնալու, վտանգները ճիշդ գնահատելու, տեղւոյն վրայ իրաւական աջակցութիւն կազմակերպելու համար”։