Պրիւսէլի հայկական հասարակական եւ մասնագիտական շրջանակները վերջերս միաւորուած են կարեւոր նպատակի մը շուրջ՝ օժանդակել Արթիկի հիւանդանոցին՝ զայն օժտելով մարմնուղղումի (orthopédique) վիրաբուժութեան համար անհրաժեշտ սարքաւորումներով։
Պելճիքայի Հայ բժիշկներու ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ «Պօղոսեան» հիմնադրամի «Villa Empain»-ի մէջ տեղի ունեցած է բարեսիրական համերգ-ընդունելութիւն մը։
Նախաձեռնութիւնը լայն աջակցութիւն ստացած է թէ՛ հայկական համայնքէն, թէ՛ պելճիքացի գործընկերներէն։ Ներկայ եղած են Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան, ՕԹԱՆ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Արման Իսրայէլեան եւ բազմաթիւ այլ պաշտօնատարներ։

Երեկոյթին առանցքային բաժինը հանդիսացած է բարեսիրական աճուրդը, որուն համար «Պօղոսեան» հիմնադրամի համահիմնադիր Ժան Պօղոսեան յատկապէս պատրաստած է արուեստի երկու բացառիկ գործեր։ «Art Arm» պատկերասրահը եւ այլ արուեստագէտներ եւս նուիրաբերած են ստեղծագործութիւններ։
Յատկանշական պահ մը եղած է Շառլ Ազնաւուրի ստորագրութեամբ հայկական քոնեակին վաճառքը, զոր գնած է ծագումով գոնկոցի շողաբան (radiologue) Ժան Ֆլորի Լուապա Չիպատա։ “Այս նախաձեռնութիւնը բացառիկ է։ Ան զիս ալ կը ներշնչէ՝ նման բան մը ընելու իմ երկրիս համար”,– ըսած է բժիշկը։
Երեկոյթին ելոյթ ունեցած են դաշնակահար Արմէն-Լեւոն Մանասարեանն ու թաւջութակահար Սեւակ Ավանէսեանը։ Հանգանակուած գումարը պիտի տրամադրուի Արթիկի հիւանդանոցի մարմնուղղումի բաժանմունքի համալրման։ ■