ՊԵԼՃԻՔԱ – Gault & Millau-ն՝ Կարէն Թորոսեանը ընտրած է 2026-ի «Տարուան խոհարար»-ը

Համբաւաւոր Michelin խոհագիտական ուղեցոյցի (guide gastronomique) նոյնքան համբաւաւոր մրցակիցը՝ Gault & Millau-ն անցեալ շաբաթ յայտարարած է Պելճիքայի եւ Լիւքսենպուրկի 2026 թուականի իր մրցանակներու ցանկը։«Տարուան խոհարարը» ամէնէն հեղինակաւոր մրցանակը շնորհուած է հայազգի պելճիքացի խոհարար Կարէն Թորոսեանին՝ Պրիւսէլի (Իքսէլ) մէջ գտնուող Bozar ճաշարանին համար, որ արժանի նկատուած է 17,5/20 նիշին։

Խիստ յուզուած, Թորոսեան ըսած է.Երազ մըն է որ կ՚իրականանայ։ Պելճիքա հասայ 18 տարեկանիսաներեւակայելի է։ Ան իր խօսքը ծափահարութիւններու ներքոյ եզրափակած է. Շնորհակալ եմ։ Ձեզ կը սիրեմբացագանչութեամբ։