ՊՈԼԻՍ – Գէորգ Պապոյեան մասնակցած է «Զերօ թափօն» համաշխարհային համաժողովին եւ հանդիպումներ ունեցած է նախարարներու հետ

Հայաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խարար Գէորգ Պա­պոյեան Նո­յեմ­բեր 28-ին Պոլ­սոյ մէջ մաս­նակցած է «Զե­րօ թա­փօն» (Zero Waste Forum) հա­մաշ­խարհա­յին հա­մաժո­ղովի բաց­ման արա­րողու­թեան։ Հա­մաժո­ղովը հա­մախմբած էր գիւ­ղատնտե­սու­թեան ոլոր­տը հա­մակար­գող շուրջ եր­կու տաս­նեակ նա­խարար­ներ եւ բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նատար­ներ։

Screenshot

Հա­մաժո­ղովի ծի­րէն ներս Պա­պոյեան զրոյցներ ու­նե­ցած է Թուրքիոյ, Իրա­նի, Ազեր­պայճա­նի, Մոլ­տա­ւիոյ եւ Իրա­քի Գիւ­ղատնտե­սու­թեան նա­խարար­նե­րուն հետ։

Յա­տուկ կա­րեւո­րու­թիւն ու­նե­ցած է Գէորգ Պա­պոյեանի զրոյ­ցը Թուրքիոյ Գիւ­ղատնտե­սու­թեան եւ ան­տա­ռատնտե­սու­թեան նա­խարար Իպ­րա­հիմ Եու­մաքլըի հետ։

Կող­մե­րը քննար­կած են Կարս-Գիւմրի եր­կա­թու­ղա­յին հա­ղոր­դակցու­թեան վե­րաբաց­ման կա­րելիու­թիւննե­րը, ինչպէս նաեւ TRIPP ծրա­գիրի մի­ջոցով ստեղ­ծուելիք տնտե­սական, փո­խադ­րա­յին (լո­ժիս­թիք) եւ առեւտրա­յին նոր հե­ռան­կարնե­րը եր­կու եր­կիրնե­րուն համար։

Պապոյեան ու Եու­մաքլը անդրա­դար­ձած են շու­կա­ներու բազ­մա­զանաց­ման, փո­խադ­րա­յին նոր ու­ղի­ներու ձե­ւաւոր­ման եւ փո­խադարձ տնտե­սական հե­տաքրքրու­թիւննե­րու ընդլայնման հար­ցե­րուն։ Քննար­կուած են նաեւ գիւ­ղատնտե­սու­թեան ոլոր­տին մէջ հա­մագոր­ծակցու­թեան վե­րաբե­րող հար­ցեր, մաս­նա­ւորա­պէս՝ գիւ­ղա­կան հա­մակար­գի ապա­հովագ­րութեան, կար­կուտի եւ անա­սուննե­րու հի­ւան­դութիւննե­րու դէմ հա­մատեղ պայ­քա­րի ուղղու­թեամբ։

Կա­րեւոր հա­մարե­լով Հա­յաս­տան-Թուրքիա կա­նոնա­ւոր շփումնե­րը՝ նա­խարար­նե­րը վե­րահաս­տա­տած են երկխօ­սու­թիւնը շա­րու­նա­կելու իրենց պատ­րաստա­կամու­թիւնը։ Հան­դիպման մաս­նակցած է նաեւ Սեւ­ծո­վեան տնտե­սական հա­մագոր­ծակցու­թեան կազ­մա­կեր­պութեան (ՍԾՏՀ — BSEC) մէջ Հա­յաս­տա­նի մնա­յուն ներ­կա­յացու­ցիչ Նաիրի Պետ­րո­սեանը։

Յի­շեց­նենք, որ նա­խորդ օր Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ հա­մապա­տաս­խան գե­րատես­չութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը հան­դի­պում ու­նե­ցած են սահ­մա­նի Ախու­րիկ-Աքեաքա ան­ցա­կէտին եւ Գիւմրիի մէջ։ Անոնք քննար­կած են Գիւմրի-Կարս եր­կա­թու­ղիի վե­րականգնման եւ շա­հագործման ուղղուած թեք­նիք խնդիր­նե­րու երկրորդ փուլը։ ■