Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊՈԼԻՍ – Փաշինեան-Էրտողան հանդիպումը

Ինչպէս նախատեսուած էր, Ուրբաթ, Յունիս 20-ի երեկոյեան Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է Էրտողան-Փաշինեան հանդիպումը, որ երկու երկիրներու միջեւ այս մակարդակով առաջինն էր։ 

Տոլմապահչէի պալատին մէջ տեղի ունեցած տեսակցութիւնը տեւած է շուրջ ժամ մը։ Ներկայ եղած են նաեւ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները՝ Հաքան Ֆիտան եւ Արարատ Միրզոյեան։  

Զրոյցի ընթացքին՝ կողմերը քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը, ընդգծած՝ կառուցողական երկխօսութիւնը շարունակելու եւ շօշափելի արդիւնքներու հասնելու կարեւորութիւնը։

Վարչապետ Փաշինեան անգամ մը եւս հաւաստած է Հայաստանի հաւատարմութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման գործընթացին։

Երկու երկիրներու ղեկավարները վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու ուղղակի կապերն ու երկխօսութիւնը։

Անոնք միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան գործընթացին, Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին շուրջ։