Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռուսաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Կապանի մէջ հիւպատոսութիւն բանալու համաձայնագրին

Վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին

Ռուսաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Կապանի մէջ հիւպատոսութիւն բանալու վերաբերեալ համաձայնագրին։ Վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին ստորագրած է համապատասխան հրամանագիրը, փաստաթուղթն ալ արդէն հրապարակուած է։

Այս մէկը Հայաստանի մէջ ռուսական երկրորդ հիւպատոսութիւնն է: Առաջինը կը գտնուի Գիւմրի։