Ռոսթովի դատարանը Նոյեմբեր 27-ին ցմահ բանտարկութեան դատապարտած է ութ անձեր, որոնք կը մեղադրուէին 8 Հոկտեմբեր 2022-ին Ղրիմի կամուրջը օդը հանելու յանցանքով։ Անոնց կարգին են նաեւ Հայաստանի քաղաքացի Արթուր Թերջանեանը եւ Քրասնոտարի երկրամասի Արմաւիր քաղաքը բնակող հայազգի գործարարներ՝ Գէորգի եւ Արտիոմ Ազատեանը։
Ռուսաստանի դատախազութեան պնդումով՝ կամուրջին վրայ կատարուած յարձակման ընթացքին օգտագործուած պայթուցիկը Ռուսաստան մտցուած է Հայաստանի քաղաքացի Թերջանեանի բեռնատարով։ Հետագային ան պահուած է Ազատեան եղբայրներուն պատկանող պահեստին մէջ։
Թերջանեանը, Ազատեան եղբայրները եւ միւս հինգ ամբաստանեալները իրենց մեղքը չեն ընդունած։ ■