Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ – Յուշաղբիւր՝ նուիրուած 44-օրեայ պատերազմին անմահացած տղոց

Մայիս 27-ին, Արցախի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած է յուշաղբիւրի  բացման արարողութիւն՝ նուիրուած 44-օրեայ պատերազմին հերոսաբար զոհուած Միքայէլ Բեգլարեանին եւ Յարութ Ղարախանեանին, որոնք յետմահու պարգեւատրուած են «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններով:

Յուշաղբիւրը օրհնած է Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Մինաս քահանայ Մովսիսեան։ “Մենք այսօր ուխտ ենք անում, որ նրանց գործը շարունակենք ու յաղթական աւարտին հասցնենք։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի”,– նշած է  հոգեւոր հայրը։