Վաղարշապատի ՏԻՄ ընտրութիւններուն յաղթականն է «ՔՊ»-ն

Կիրակի, Նոյեմբեր 16-ին, Վաղարշապատի մէջ տեղի կ՚ունենային Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններ։

Այս ընտրութիւնները խորհրդանշական էին պետութիւնեկեղեցի ծանօթ հակամարտութեան ենթախորքին, նկատի ունենալով, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը կը գտնուի Վաղարշապատի մէջ։

Կիրակի իրիկուն, ի դէպ տակաւին ոչպաշտօնական, բայց եւ այնպէս գրեթէ վերջնական արդիւնքներուն համաձայն (ընդհանուր 47 քուէատուփէն՝ 46-ին հաշուարկով)՝ յաղթած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը, որ ստացած էր 14 948 ձայն։ «Յաղթանակ» կուսակցութիւններու դաշինքը ստացած էր 9 789 ձայն, «Համահայկական ճակատը»՝ 287, «Հանրապետութիւն»-ը՝ 1 211, «Մայր Հայաստան»-ը՝ 1 674, «Ազատ դեմոկրատներ»-ը՝ 1 152, «Ժառանգութիւն»-ը՝ 433, «Հայրենիք» կուսակցութիւնը՝ 1 157 ձայն:

Քուէարկութեան մասնակցած է ընտրողներու 45,12%-ը։