Ինչպէս ծանօթ է՝ Նոյեմբեր 27-ին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ խումբ մը եպիսկոպոսներ իրենց ստորագրած յայտարարութեամբ պահանջած էին Արշակ Խաչատրեանի եւ Կտրիճ Ներսիսեանի հեռացումը Եկեղեցիէն։ Նոյն օրը անոնք նաեւ հանդիպում ունեցած էին վարչապետ Փաշինեանի հետ։
Այս եպիսկոպոսները նոր յայտարարութիւն մը հրապարակած են, ուր ըսուած է.
Սիրելի հաւատակից եղբայրներ եւ քոյրեր, այս օրերուն Եկեղեցին՝ իբրեւ հաւատացեալներու ժողով, կ՚ապրի ծանր ու խռովայոյզ ժամանակներ։
Տարիներով կուտակուած անլուծելի հարցերը, մտահոգութիւններն ու բարեկարգման կարօտ խնդիրները, զիրար չլսելու մեր թուլութիւնը, անարդար դատողութիւնները, ուժի եւ ամբարտաւանութեան դիրքերէն արդարութեան բռնաճնշումը, վիրաւորանքներն ու այլ՝ թաքուն վէրքերը բացուած են յանկարծակի, եւ կը թուի, թէ բոլորը բոլորին մեղքերը կը բարձրացնեն։
Մէկը կը մեղադրէ միւսը, երրորդը՝ չորրորդը։ Մեր սրտերուն խռովքը կը պոռթկայ աւելի բարձր, քան կրնար հնչել մեր աղօթքը։
Ոմանց կողմէ մեղքի ամբարտաւան եւ լկտի գովերգումը խլացնել կը ջանայ անխուսափելի մաքրագործման անբեկանելի պահանջը։
Աղմուկէն անդին տեսանելի է կործանուելու փոխարէն վերանորոգուելու իրական հնարաւորութիւնը, ոչ թէ պառակտուելու, այլ Քրիստոսի սիրով միաւորուելու կենսական պահանջը։
Եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է՝ հաւատացեալներուս հաւաքականութիւնը, զոր կ՚առաջնորդէ Սուրբ Հոգին։ Մեր հաւաքականութիւնը այսօր կը տառապի, որովհետեւ մարմնին որոշ անդամները հիւանդ են, տկարացած։ Այդ տկարութեան մէջ է, որ կը յիշենք՝ Աստուած չի փրկեր կատարեալները, այլ զանոնք, որոնք ունին խոնարհութիւնն ընդունելու իրենց մեղքերը, չթաքցնելու վէրքերը եւ բժշկութիւն խնդրելու Ամենախնամ Տիրոջմէ։ Այս ժամանակները մեզի չեն տրուած անյուսութեան մատնուելու եւ մեղքին համակերպելու համար։
Հասած է ժամը ինքնաճանաչման, ինքնաքննութեան, զղջման, ապաշխարութեան, ներողութեան եւ խոստովանութեան, գնահատելու զիրար որպէս Աստուծոյ պատկերը եւ նմանութիւնը ունեցող եղբայրներ եւ քոյրեր։ Սուրբ չէ ոչ ոք մեզմէ, բացի մեր Հօրմէն, որ երկնքի մէջ է։ Սրբութեան կոչը սակայն ուղղուած է բոլորիս հաւասարապէս։ Մենք չենք մաքրուիր, եթէ շարունակենք ծածկել, արդարացնել եւ գովերգել մեղքը, առաւել եւս այնպիսի արատներ, որ ի սպառ մերժելի եւ դատապարտելի են ինչպէս Սուրբ Գիրքի, այնպէս ալ եկեղեցական կանոններու տեսանկիւնէն։ Մենք պիտի մաքրուինք, եթէ մերժելով մերժենք մեղքն ու անոր ամէն դրսեւորումը։ Մեղքի հանդէպ երբեմն մեր կողմէ դրսեւորուող անտարբերութիւնը աւելի մեծ մեղքերու առիթ կրնայ դառնալ, մա՛նաւանդ, երբ պատասխանատւութիւն ունինք հովուելու եւ առաջնորդելու։
Ճշմարիտ ապաշխարութիւնը չի պահանջեր բացայայտել ուրիշի թաքուն մեղքերը, այլ կը պահանջէ բանալ սեփական սիրտը՝ Աստուծոյ առջեւ. «Չկայ ծածուկ բան, որ չյայտնուի»,- կ՚ըսէ Քրիստոս Աւետարանին մէջ։ Թող այս պահուն կատաղի յարձակումը մեր անձերուն վրայ վարանումի առիթ չդառնայ։ Մեր դէմ թշնամական յարձակումները ոչ թէ պիտի կասեցնեն մեզ վերանորոգման մեր ընթացքին մէջ, այլ՝ կտրուկ բարձրացնեն մեր պատասխանատու ինքնագիտակցութեան չափն ու աստիճանը։ Եւ եթէ պէտք է անցնինք տառապանքներու ընդմէջէն, թող ատոնք մեզմէ իւրաքանչիւրին համար դառնան մաքրագործման կրակ, ոչ թէ կործանման։
Այսպէսով, կոչ կ՚ընենք բոլորին՝ հոգեւորական, աշխարհական, իշխանաւոր, ընդդիմադիր, հաւատացեալ կամ Եկեղեցիէն խռոված, դադրեցէք միմեանց մէջ տեսնել թշնամի։
Սկսեցէք ձեր ներսը կառուցել այն խաղաղութիւնը, զոր կ՚ուզէք տեսնել ամբողջ Եկեղեցւոյ մէջ՝ հրաժարելով մեղքէն, բայց միեւնոյն ժամանակ հաւատարիմ մնալով մեր եղբայրներն ու քոյրերը ճշմարիտ ուղղութեան բերելու պատասխանատւութեան։
Արիւնածոր վէրքը պէտք է ամոքել, այդ իւրաքանչիւր հովուի առաքելութիւնն ու կոչումն է։ Եւ թող Տէրը ողորմի մեզի՝ որպէս մեղաւորներ, ոչ թէ արդարներ։ Թող բժշկէ մեր վէրքերը, նոր մտքով ու մաքրուած սրտով անխաթար պահէ մեր Սուրբ Եկեղեցին՝ իբրեւ հոգեւոր Ընտանիք։
Լոյսը իր առաքելութիւնը ի կատար կ՚ածէ, երբ խաւարի մէջ կը շողայ, եւ խաւարը կը չքուի»։
28 Նոյեմբեր 2025»
Նշենք, որ Նոյեմբեր 28-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հայաստանաբնակ անդամներու ժողովի նիստը կարելի չէ եղած գումարել Նաւասարդ արք. Կճոյեանի, Աբրահամ արք. Մկրտչեանի, Վազգէն արք. Միրզախանեանի, Վրթանէս եպիսկ. Աբրահամեանի եւ Գէորգ եպիսկ. Սարոյեանի բացակայութեան պատճառով։