Վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպած Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ խումբ մը եպիսկոպոսներ հանդէս եկած են նոր յայտարարութեամբ, որուն մէջ յատկապէս նշուած է.
«Ցաւով տեղեկացանք, որ յառաջիկայ Եպիսկոպոսաց ժողովը չհիմնաւորուած պատճառաբանութեամբ յետաձգուած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ, որ հնարաւորութիւն պէտք է ստեղծէր բոլոր եպիսկոպոսներուս` բարձրագոյն ատեանի մէջ կանոնական մեր տեսակէտը արտայայտելու եւ փաստարկելու։ Կ՚ափսոսանք, որ մեր կողմէ բարձրացուած լրջագոյն հարցերը այդպէս ալ մնացին անպատասխան։
Ինչ կը վերաբերի Մայր Աթոռին կողմէ եպիսկոպոսներուս ուղղուած անհիմն մեղադրանքներուն, անգամ մը եւս ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՆՔ մեր անմնացորդ ուխտը Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ, հաւատարմութիւնը՝ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ կարգին եւ կանոններուն, աւանդութիւններուն եւ մեր զինուորեալ միաբանութեան։
Կոչ կ՚ուղղենք հոգեւոր մեր եղբայրներուն ՉԵՆԹԱՐԿՈՒԵԼՈՒ ԳՐԳՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, զերծ մնալու վիրաւորական խօսոյթէ եւ չթիրախաւորելու եպիսկոպոսներուս նուիրական առաքելութիւնը՝ յարգանքով վերաբերելով Եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգին։
Անգամ մը եւս ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՆՔ մեր հիմնաւոր եւ արդարացի դիրքորոշումը, որ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է հիմնական լուծում տալ մեր պետութեան եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ շուրջ ծաւալող անընդունելի երեւոյթներուն։
Կը հայցենք Ամենակալ Տիրոջ անսահման ողորմութիւնը եւ զօրակցութիւնը հայրենի մեր երկրին, Սուրբ Էջմիածնին եւ մեր բարեպաշտ ժողովուրդին»։
Մայր Աթոռը կ՚ողջունէ եպիսկոպոսաց կոչը՝ «յարգանքով վերաբերելու Եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգին», նաեւ անոնց արտայայտած «հաւատարմութիւնը՝ Եկեղեցւոյ կարգին ու կանոններուն, աւանդութիւններուն եւ զինուորեալ միաբանութեան»՝ վերստին յորդորելով դրսեւորել այդ գիտակցութիւնը եւ վերադառնալ կանոնական դաշտ՝ գործնականօրէն փաստելու «անմնացորդ ուխտը Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ»։
Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն՝ ի պատասխան NEWS.am-ի հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի Մայր Աթոռը 10 եպիսկոպոսներու նոր յայտարարութեան (վերոնշեալ)՝ Եպիսկոպոսաց ժողովի յետաձգման վերաբերեալ։
«Անշուշտ, ցաւալի է, որ տասը եպիսկոպոսները, իրենց նախընտրութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայոց Հովուապետին հետ յարաբերութիւնները կը պահպանեն սոսկ յայտարարութիւններու միջոցաւ, իսկ ներկայացուող “խնդիրներու” արծարծումը կը շարունակեն ոչ թէ եկեղեցական մարմիններուն մէջ, Հայոց Հայրապետին հետ հանդիպումներուն, այլ բոլորովին այլ հարթակներու վրայ, բոլորովին այլ, յայտնի նպատակադրումներով։
Հարկ է արձանագրել, որ Մայր Աթոռը սպառիչ կերպով ներկայացուցած է հիմնաւորումները Եպիսկոպոսաց ժողովի յետաձգման, հանգամանքներ, որոնց ճնշող ներգործութեան ներքեւ ակնյայտօրէն կը գտնուին նաեւ վերջին յայտնի յայտարարութիւններու հեղինակ ներկայացող Գերաշնորհ Սրբազան Հայրերը։
Մայր Աթոռը, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը երբեք չեն խուսափած որեւէ ներեկեղեցական խնդրի շուրջ կառուցողական քննարկումէ, ընդհակառակն՝ յիշեալ եպիսկոպոսներուն մշտապէս առիթ ընծայուած է մասնակից դառնալու տարբեր ժողովական մարմիններու աշխատանքներուն եւ նոյնիսկ քուէարկելու Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւոր վճիռներու կայացման գործընթացին մէջ։ Բոլորին քաջ յայտնի են նաեւ մեր ազգային բազմադարեայ պատմութեամբ յղկուած՝ Հայոց եկեղեցւոյ մօտեցումները ի շահ ազգի եկեղեցի-պետութիւն առողջ յարաբերութիւններու կարեւորութեան ընդգծման եւ կառուցման առնչութեամբ, որքան ալ այսօր փորձ կը կատարուի այդ իրողութիւնը աղաւաղուած ներկայացնելու»,– նշուած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի պատասխանին մէջ։
«Իրաւունք» թերթը այս մասին, ի միջի այլոց, կը գրէ.
«ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպած եպիսկոպոսները իրենց յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշած են. “Շատ կը ցաւինք վերջին ամիսներուն մեր Եկեղեցւոյ ներսը եւ մեր Եկեղեցւոյ շուրջ առկայ ապառողջ մթնոլորտին համար, որ կը փոթորկէ մեր բոլորին հոգիները։ Այս ամէնը թերեւս չըլլար, եթէ արդար, առանց ահաբեկումներու եղած ըլլար 1999-ի կաթողիկոսական ընտրութիւնը”:
Ըստ էութեան, այս յայտարարութեամբ ըսուածը այն է, որ 1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին գործող Կաթողիկոսի ընտրութիւններու ընթացքին տեղի ունեցած են ահաբեկումներ, որոնք առնչուած էին գործող Կաթողիկոսի ընտրութեան հետ: Արդեօք վերը նշուած յայտարարութեան հիման վրայ յարուցուա՞ծ է քրէական վարոյթ՝ պարզելու համար ահաբեկումներ եղա՞ծ են, ո՞վ պատուիրած է:
Նոյն հարցումը ուղղեցինք թէ՛ դատախազութեան, թէ՛ Քննչական կոմիտէին: Երկուքն ալ պատասխանեցին, որ նշուած յայտարարութիւնը չէ ուսումնասիրուած այս պահուն իրենց կողմէ՝ աւելցնելով, որ ուսումնասիրուելու պարագային պիտի անդրադառնան մեր հարցումին»:
«Արդէն աւելի քան պարզ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ կը գործէ զինեալ խմբաւորում մը, որ զբաղած է Կիրակի օրերը եկեղեցիներ գրաւելով եւ հաւատացեալներու իրաւունքները կոպտօրէն ոտնահարելով՝ իրենց սատանայական “պաշտամունք”-ները կատարելու համար։ Այս յանցագործ խմբաւորումը կը գլխաւորէ վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող, անծանօթ դաւանանքի տէր անձ մը, որ զինուած մարդոց ուղեկցութեամբ, բացայայտ եւ անթաքոյց լկտիութեամբ, կը թափանցէ իր իրաւասութեան տակ չգտնուող եկեղեցւոյ սրբազան տարածքներ՝ խախտելով կրօնական ազատութեան սահմաններն ու սեփականութեան իրաւունքի անձեռնմխելիութիւնը։
Նողկալի է, որ սոյն խմբաւորումին, նախարարներէ, երեսփոխաններէ, զանազան արկածախնդիրներէ բացի, միացած են նաեւ իրենց եռակի օծումը ոտնահարած եւ մերժած “հոգեւորական”-ներ, որոնք իրենց սոյն քայլով արժանացած են Աստուծոյ դատաստանին։
Սոյն յանցագործ զինեալ խմբաւորումին դեռ ազատութեան մէջ գտնուիլը կը խօսի իբր թէ իր ինքնիշխանութիւնը “գտած”, սակայն իրականութեան մէջ կորսնցուցած պետականութեան փշրանքներուն լիակատար գրաւման մասին՝ յանցագործ ենթականերու կողմէ։ Սակայն վստահ ենք, թէ պետականութիւնը պիտի վերականգնուի, իսկ յանցագործները պիտի զբաղեցնեն այն տեղը, ուր ապօրինի կերպով կը գտնուինք այսօր մենք՝ խղճի կալանաւորներս։
“Եթէ Աստուած մեր կողքին է, ո՞վ կրնայ ըլլալ մեզի դէմ”։
Յաղթանակի վստահութեամբ՝
Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեան,
Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան,
Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեան»