Յունուար 12-ին, Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնը կը հաղորդէր, թէ Հանրապետութեան մէջ ընդհատուած է համացանցային կապի մատակարարումը՝ լարին վնասուելուն պատճառով։
Ըստ համացանցի կապի հեռավարողին (opérateur)՝ լարը վնասուած է Բերձորի միջանցքի նոյն այն հատուածին մէջ, ուր կը գտնուին ազերպայճանցի «բնապահ»-ները։