Հոկտեմբեր 4-ին, Վրաստանի մէջ տեղի կ՚ունենային տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններ։ 64 քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ քուէարկողները կ՚ընտրէին քաղաքապետեր եւ տեղական խորհուրդներու անդամներ։ Ընտրութիւններուն կը մասնակցէր 12 կուսակցութիւն։
Այս ընտրութիւններուն զուգահեռ բողոքի գործողութիւններու դիմած ցուցարարները Հոկտեմբեր 4-ին գրոհած են երկրի նախագահի նստավայրին վրայ, մինչ ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու՝ նախագահ Միխայիլ Քաւելաշվիլի ներսը չէր գտնուեր։
Ապահովութեան ուժերը ջրցան կառքեր եւ արտասուաբեր կազ գործածած են։
Կը հաղորդուի, որ հանրահաւաքի կազմակերպիչներէն մէկուն՝ «Միացեալ ազգային շարժում» քաղաքական խորհուրդի նախագահ, նախկին գլխաւոր դատախազ Մուրթազ Զոտելաւայի կոչով խումբ մը ցուցարարներ ուղղուած են դէպի Վրաստանի նախագահի նստավայր։ Քանի մը տասնեակ բողոքողներ կոտրած են ցանկապատը, ներխուժած բակ եւ յարձակած պահակներուն վրայ, սակայն յատուկ ջոկատը եւ հարիւրաւոր պարեկներ զանոնք դուրս մղած են տարածքէն։ Ըստ ոմանց՝ որոշ ցուցարարներու զրահապատ բաճկոններ կրելը ապացոյցն է անոնց վճռակամութեան։
Վրացական լրասփիւռներու համաձայն՝ պարբերաբար տեղի կ՚ունենան բախումներ ապահովութեան ուժերուն եւ ցուցարարներու միջեւ, որոնք կը պահանջեն նախագահական պալատի բանալիները։ Ցոյցերու կազմակերպիչներէն Փաաթա Պուրչուլաձէ յայտարարած է, որ գործող կառավարութիւնը օրինական չէ եւ կոչ ըրած է սկսելու «իշխանութեան խաղաղ փոխանցման» գործընթաց։
Ան պահանջած է ձերբակալել եւ դատել Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն, խորհրդարանի նախագահ Շալուա Փափուաշվիլին, Պետական անվտանգութեան ծառայութեան (ՊԱԾ) ղեկավար Մամուքա Մտինարաձէն, խորհրդարանի փոխնախագահ Թէա Ցուլուքիանին, «Վրացական երազանք»-ի հիմնադիր Պիձինա Իվանիշվիլին եւ Պետական պահպանութեան յատուկ ծառայութեան ղեկավար Անզոր Չուպինիձէն։
Վրաստանի 5-րդ նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի, որ կը մասնակցէր Ռուսթավելի պողոտային վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքին, գրգռութիւն որակած է Օրբելիանիի պալատին վրայ գործուած յարձակումը։ Ան նշած է, որ տեղեակ չէ, թէ որո՞ւ նախաձեռնութեամբ կատարուած է այդ գործողութիւնը, զոր համարած է վարչակազմին հակադրուողներու բողոքի խաղաղ ցոյցը ճնշելու պատրուակ։
Այս ծանրակշիռ դէպքերու վաղորդայնին՝ Հոկտեմբեր 5-ի առաւօտեան, Վրաստանի վարչապետ եւ «Վրացական երազանք» կուսակցութեան նախագահ Իրաքլի Քոպախիձէ յայտարարած է, թէ իշխանութիւնը տապալելու փորձը ձախողած է: Ան խոստացած է նաեւ խստօրէն պատժել բողոքի ցոյցերուն օրինազանցութիւն կատարած բոլոր մասնակիցները:
Գիշերուան ընթացքին ձերբակալուած են Հոկտեմբեր 4-ի բողոքի ցոյցի կազմակերպչական յանձնախումբի անդամներէն Փաաթա Փուրչուլաձէ, Մուրթազ Զոտելաւա, Իրաքլի Նատիրաձէ, Փաաթա Մանճկալաձէ եւ Լաշա Պերիձէ: Անոնք կը մեղադրուին Վրաստանի սահմանադրական կարգի բռնի փոփոխութեան կամ պետական իշխանութեան տապալման կոչի, ինչպէս նաեւ բռնութեան խմբակային գործողութիւններու կազմակերպման, ղեկավարման ու մասնակցութեան յանցանքներով: Այդ արարքներուն համար նախատեսուած է մինչեւ 9 տարի բանտարկութիւն:
Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ բախումներու ընթացքին վիրաւորուած է 21 ոստիկան եւ 6 ցուցարար:
Վրաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախնական տուեալներով՝ «Վրացական երազանք»-ի թեկնածուները յաղթած են Թիֆլիս, Ռուսթավի, Քութաիս, Պաթումի եւ Փոթի քաղաքներու ՏԻՄ ընտրութիւններուն:
Թիֆլիսի մէջ իշխանութեան ուժի թեկնածու եւ գործող քաղաքապետ Քախա Քալաձէ ստացած է ձայներու 71,5 տոկոսը (214 հազար 872 քուէ):