Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը կը հաղորդէ, թէ Նոյեմբեր 6-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ, ստորեւ ներկայացուած հիմնաւորումներով կարգալոյծ հռչակուած է Տաւուշի թեմի հոգեւոր սպասաւոր Տարօն քահանայ Յունանեանը։
Տնօրինութեան համար հիմք ծառայած է Տաւուշի թեմի առաջնորդական տեղապահի զեկուցագիրը եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Պարգեւներու շնորհման եւ կարգապահական հարցերու յանձնախումբի եզրակացութիւնը, ուր կ՚ըսուի.
ա/ Ինքնակամ լքած է իր ծառայութեան վայրը 2024 թուականի Մայիս ամսէն ի վեր,
բ/ Անտեսած է Տաւուշի թեմի առաջնորդական տեղապահի յորդորներն ու հրահանգները եւ յարատեւած է կարգազանց ընթացքի մէջ,
գ/ Մասնակցած է կարգազուրկ հռչակուած Ստեփան Ասատրեանի կազմակերպած հակականոնական արարողութեան՝ մեղսակից դառնալով կարգալոյծին,
դ/ Հրապարակային ելոյթներով ու յայտարարութիւններով վարկաբեկած է Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցին եւ ծառայակից եկեղեցականները,
ե/ Անարգալից վարքագիծ դրսեւորած է եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութեան նկատմամբ եւ դրժած է հնազանդութեան ուխտը։
Կարգալոյծ եկեղեցականը այսուհետեւ պիտի դասուի աշխարհականներու շարքին՝ Վարդան Յունանեան աւազանի անունով։