Հայաստանի Ազգ. գրադարանին մէջ, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 18-ին նշուեցաւ հայ կերպարուեստի մեծագոյն ներկայացուցիչ Փանոս Թերլեմէզեանի 160-ամեակը։
Հայաստանի Ազգ. գրադարանի Արուեստի բաժնին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր զեկոյց եւ գրականութեան ցուցադրութիւն՝ նուիրուած այս յոբելեանին։ Բաժնի աշխատակից Լուսինէ Յիշէեանը հանդէս եկաւ Փանոս Թերլեմէզեանի արուեստին եւ ստեղծագործական ժառանգութեան նուիրուած բովանդակալից ելոյթով մը՝ ընդգծելով անոր դերը հայ ազգային կերպարուեստի զարգացման եւ արժեհամակարգի ձեւաւորման ծիրերէն ներս։
“Փանոս Թերլեմէզեանի արուեստին առանցքը հայկական բնաշխարհն է, ժողովուրդին կերպարն ու պատմական յիշողութիւնը”,– ընդգծեց բանախօսը։
Անոր կտաւները կ’առանձնանան գունային նուրբ լուծումներով, խաղաղ ու մտերմիկ տրամադրութեամբ, հայրենիքի հանդէպ խոր սիրով ու զգացական կապով։ Թերլեմէզեանի ստեղծագործութիւնները ոչ միայն գեղարուեստական արժէք ունին, այլեւ կը հանդիսանան որպէս ազգային ինքնութեան պահպանման վկայութիւններ։
Ձեռնարկին ընթացքին բացուեցաւ նաեւ Արուեստի բաժնի հաւաքածոներուն մէջ պահուող՝ Փանոս Թերլեմէզեանին նուիրուած գիրքերու, ալպոմներու եւ այլ տպագիր նիւթերու ցուցադրութիւնը, որ կարելիութիւն ընձեռեց այցելուներուն աւելի խորութեամբ ծանօթանալու արուեստագէտին ստեղծագործական ժառանգութեան ուսումնասիրութիւններուն։