Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 20-ին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Ղազախստան։
Նոյն օրը, Ասթանայի մէջ, վարչապետը ընդունած է երկրին նախագահին՝ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւի կողմէ։
Ղազախստանի նախագահը ընդգծած է այցելութեան կարեւորութիւնը՝ զայն որակելով նոր խթան երկու երկիրներու ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման համար։
“Սա ձեր առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է Ղազախստան, հետեւաբար մենք ատոր մեծ կարեւորութիւն կու տանք”,– ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ պիտի ստորագրուին շարք մը կարեւոր փաստաթուղթեր։
Նիկոլ Փաշինեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, նշած է, որ յարաբերութիւններու նոր փուլը սկիզբ առած էր անցեալ տարի՝ Թոքաեւի Երեւան կատարած այցելութեամբ։ Վարչապետը յատկապէս ընդգծած է առաջնորդներուն միջեւ առկայ փոխադարձ վստահութեան կարեւորութիւնը։
Ղազախստանի պետութեան ղեկավարը Հայաստանի վարչապետը պարգեւատրած է «Ալթին Քիրան» («Ոսկէ արծիւ») շքանշանով, որ երկրին բարձրագոյն պետական պարգեւն է։
Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւ նշած է, որ Նիկոլ Փաշինեանը կը նկատէ Հայաստանի իսկական ազգային առաջնորդը, որ յաջողած է նոր ուժ հաղորդել իր երկրի զարգացման եւ հզօր խթան՝ պետականաշինութեան բոլոր ոլորտներու բարեփոխումներուն։
“Ձեր հեռատես ղեկավարութեամբ Հայաստան վստահօրէն ընտրած է կայուն յառաջընթացի ուղին, ամրապնդած է իր դիրքերը միջազգային ասպարէզին մէջ եւ օրինակ ծառայած՝ մտածուած եւ պատասխանատու քաղաքականութեան, թէ՛ ներքին, եւ թէ արտաքին։ Աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակի մէջ դուք ցուցաբերեցիք այնպիսի արժէքաւոր որակ, ոչ-աւանդական, վճռական որոշումներ կայացնելու կարողութիւն, որ, վստահաբար, օգուտ պիտի բերէ ամբողջ հայ ժողովուրդին։ Սա, անկասկած, ցոյց կու տայ, որ բարեկամական ու եղբայրական Հայաստանը ընտրած է խաղաղ, կայուն զարգացման ուղին, որուն համար դուք պատմական ներդրում ունեցած էք։ Ես յատկապէս կը փափաքիմ նշել ձեր նշանակալի դերը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի յառաջխաղացման եւ Ուաշինկթընի մէջ համապատասխան եզրափակիչ փաստաթուղթի ստորագրման գործին մէջ”,– ըսած է Ղազախստանի նախագահը։
Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւ ընդգծած է, որ ղազախ-հայկական միջպետական յարաբերութիւնները այժմ կը հասնին ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի։
“Ձեր աշխուժ նեդրումը զգալիօրէն նպաստած է մեր երկիրներուն միջեւ բազմակողմանի համագործակցութեան զարգացման։ Ձեր բացառիկ դերին եւ ղազախ-հայկական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ ունեցած ակնառու ներդրման համար, ես որոշեցի այսօր Ձեզի յանձնել Ղազախստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն պետական պարգեւը՝ «Ալթին Քիրան» շքանշանը։ Վստահ եմ, որ այս իրադարձութիւնը պիտի դառնայ անխախտ եղբայրութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ մեր ժողովուրդներու ապագային հանդէպ համատեղ նուիրումի յաւելեալ փայլուն խորհրդանիշ մը”,– նշած է ղազախ ղեկավարը։
Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւին եւ ամբողջ ղազախ ժողովուրդին՝ այս պարգեւի շնորհման համար եւ ընդգծած, որ այդ կը համարէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ յատուկ յարգանքի նշան։
“Ինծի համար մեծ պատիւ է արժանանալ եղբայրական Ղազախստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւին եւ զայն անձամբ ստանալ Ձեզմէ։ Դուք մեծ փորձառութիւն ունեցող քաղաքական, պետական գործիչ եւ դիւանագէտ էք, եւ Ձեր գնահատականը շատ արժէքաւոր է։ Վստահ եմ, որ այս պարգեւը պիտի նպաստէ ոչ միայն երկկողմ յարաբերութիւններու, այլեւ մեր ամբողջ մեծ տարածաշրջանի հետագայ զարգացման”, – նշած է Հայաստանի վարչապետը։