Վարչապետ Փաշինեան Ազերպայճանին կ՚առաջարկէ միասնաբար ճանապարհային քարտէս մշակել ու զուգահեռաբար փակել Արցախի հայերու վերադարձի եւ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի նիւթերը։
Վարչապետը այդ մասին ըսած է Գերմանիոյ մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին՝ արձագանգելով Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան՝ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի փաստաթուղթին վերաբերեալ, որուն մէջ Պաքու դժգոհութիւն յայտնած էր այն առնչութեամբ, որ այդ փաստաթուղթին մէջ կիրարկուած է «Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններէն ետք գաղթական դարձած Ղարաբաղի հայեր» ձեւակերպումը։
Փաշինեան շեշտած է, որ կը տեսնէ իրավիճակ մը, երբ Ազերպայճան մէկ կողմէն կը շարունակէ կիրարկել այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի խօսոյթը, միւս կողմէ ալ կը բողոքէ, որ ՀՀ-ԵՄ ռազմավարական օրակարգի փաստաթուղթին մէջ ընդգրկուած է «Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններէն ետք գաղթական դարձած Ղարաբաղի հայեր» ձեւակերպումը։
ՀՀ վարչապետը յիշեցուցած է, որ ինք արդէն ըսած է, թէ Արցախի հայերու վերադարձի թեման վտանգաւոր է։
“Եւ ես կ՚ուզեմ հիմա բաց եւ հրապարակային առաջարկ ընել Ազերպայճանին, որովհետեւ որքան անոնք այդ նիւթերով խնդիր ունին, այնքան ալ մենք խնդիր ունինք։ Ես կ՚առաջարկեմ, որ մենք ընդունինք միացեալ ճանապարհային քարտէս՝ այս երկու նիւթերը զուգահեռաբար փակելու ուղղութեամբ։ Ես Ղարաբաղի մեր ժողովուրդին ալ ըսած եմ, որ անոնց վերադարձը իրատեսական չէ։ Եթէ մենք շարունակենք վերադարձի օրակարգը, այդ կը նշանակէ, որ մենք նորէն կը սկսինք Ղարաբաղի շարժումը, բայց ես ըսած եմ, որ մենք պէտք չէ շարունակենք ղարաբաղեան շարժումը։ Ղարաբաղեան շարժումը աւարտած է, եւ զայն սկսելու փորձերը օգտակար չեն, բայց միւս կողմէ Հայաստանի մէջ ալ կը տեսնեն, որ Ազերպայճան անընդհատ կ՚օգտագործէ «Արեւմտեան Ազերպայճան» անհասկնալի եզրը։ Հիմա պէտք է հասկնալ, թէ ո՛րը որուն պատճառն է, ո՛րն է պատճառը եւ ո՛րը՝ հետեւանքը։ Հիմա ուղղակի առաջարկ կ՚ընեմ՝ եկէք նստինք, ճանապարհային քարտէս մշակենք, թէ ինչպէ՛ս այս նիւթը կը բացառենք, որովհետեւ այս նիւթը բացառելը կը նշանակէ ռազմավարական առումով ընդհանրապէս երկարաժամկէտ որեւէ հակամարտային իրավիճակի բացառում”,– յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, ըստ որու՝ «Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգը կը հակասէ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան գործընթացին»։
Անդրադառնալով Ազերպայճանի պնդումներուն՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեան շեշտած է, որ Հայաստան-ԵՄ ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգը կը ցոլացնէ կողմերուն միջեւ տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած եւ հետզհետէ խորացող համագործակցութեան բովանդակութիւնը։ Պատալեան նշած է, որ այդ համագործակցութիւնը հիմնուած է ընդհանուր արժէքներու եւ փոխադարձ շահերու վրայ՝ աւելցնելով, որ փաստաթուղթը կ՚արտայայտէ թէ՛ Հայաստանի քաղաքացիներուն եւրոպական կողմնորոշումը, թէ՛ ալ ԵՄ-ի աջակցութիւնը՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերա-տնտեսական դիմադրականունութեան։
Ըստ Պատալեանի՝ յիշեալ օրակարգը ոչ միայն արգելք չի հանդիսանար տարածաշրջանային խաղաղութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերուն, այլեւ ընդհակառակն, այդ գործընթացը ուժեղացնող բնոյթ ունի։ Բանբերը յիշեցուցած է, որ Հայաստան-ԵՄ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ բանակցութիւնները սկզբունքօրէն աւարտած էին արդէն Յունիս ամսուն եւ բնագիրը կը պարունակէ ապագայի միացեալ տեսլականը, յատկապէս՝ տարածաշրջանային կայունութեան, բարեկեցութեան եւ խաղաղութեան վերաբերող փոխադարձ յանձնառութիւնները։
Պատալեան նաեւ յիշեցուցած է, որ նոյն օրը կայացած Հայաստան-ԵՄ Գործընկերութեան խորհուրդի նիստէն ետք ընդունուած միացեալ յայտարարութեան մէջ Եւրոպական Միութիւնը գոհունակութեամբ ողջունած է Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ կայացած Խաղաղութեան վեհաժողովին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ արձանագրուած «պատմական շրջադարձային կէտը»։ Շեշտուած է, որ ԵՄ-ը անգամ մը եւս վերահաստատած է իր աջակցութիւնը՝ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան ա՛լ աւելի ամրապնդման եւ հաստատման ուղղութեամբ։