Փաշինեան. «ԵԱՏՄ-ն լքելը Հայաստանի համար նպատակ չէ, բայց Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալը նպատակ է»

Հայաստանի կառավարութեան համար Եւրասիական տնտեսական միութենէն դուրս գալը նպատակ չէ, միւս կողմէ՝ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալը նպատակ է։

Համպուրկի մէջ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին խօսած է վարչապետ Փաշինեան՝ անդրադառնալով՝ «Հայաստան ե՞րբ կը ծրագրէ լքել Եւրասիական տնտեսական միութիւնը (ԵԱՏՄ) եւ ե՞րբ, ի վերջոյ, ԵՄ-ին անդամակցելու պաշտօնական դիմում պիտի ներկայացնէ» հարցումին։

“Եւրասիական տնտեսական միութիւնը լքելը նպատակ չէ, բայց միւս կողմէ՝ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալը նպատակ է։ Մենք կը հասկնանք, որ Եւրոպական Միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միաժամանակ անդամակցութիւնը կարելի չէ։ Մենք գիտակից ենք, որ պիտի հասնի պահ մը ուր պէտք պիտի ըլլայ կայացնել որոշում մը, բայց այսօր դեռ չենք հասած այդ պահը, այսինքն՝ այսօր նման որոշում կայացնելու անհրաժեշտութիւն չկայ։ Անհրաժեշտ պահուն կը կայացնենք այդ որոշումը”,– նշած է վարչապետը։

Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի խորհրդարանը ԵՄ-ին անդամակցութեան գործընթացը սկսելու մասին օրէնքը ընդունած է, քանի որ այդ լրացուցիչ խթան է Հայաստանի կառավարութեան համար, որ շարունակէ ժողովրդավարական բարեփոխումները եւ լրացուցիչ խթան ունենայ՝ բոլոր ոլորտները պատշաճեցնելու Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն։

“Իսկ քանի դեռ մենք առարկայականօրէն չենք համապատասխաներ այդ չափանիշերուն, մենք չենք կրնար դառնալ Եւրոպական Միութեան անդամ։ Հետեւաբար, այդ ճամբուն վրայ առաջին խնդիրը Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն համապատասխանող երկիր ունենալն է։ Երբ մենք հասնինք այդ կէտին՝ պիտի դիմենք անդամակցութեան հարցով։ Երբ մենք դիմենք Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու հարցով, երկու տարբերակ կայ՝ կա՛մ կ՚ընդունին մեզ, կա՛մ չեն ընդունիր։ Հիմա մեր ծրագրին էութիւնը այն է, որ երբ մենք հասնինք այդ կէտին, անկախ անկէ՝ մեզ կ՚ընդունի՞ն Եւրոպական Միութիւն, թէ՞ չեն ընդունիր, մենք շահաւոր կ՚ելլենք, որովհետեւ կ՚ըլլանք Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն համապատասխանող պետութիւն”,– բացատրած է Փաշինեան։