Փաշինեան կը շարունակէ մասնակցիլ Էջմիածինը քննադատող հոգեւորականներու մատուցած պատարագներուն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Կիրակի, Նոյեմբեր 9-ին ալ մասնակցած է Թալինի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին. պատարագիչն էր Թադէ քհնյ Թախմազեանը, որուն կարգավիճակը եւս Էջմիածնի կարգապահական յանձնախումբին կողմէ ներկայիս առարկայ է քննութեան՝ Մայր Աթոռը քննադատելուն եւ «կարգալոյծ» Արամ քհնյ Ասատրեանին աջակցելուն համար։

Յիշեցնենք, որ Փաշինեան նախապէս ալ յաջորդական երկու Կիրակիներ ներկայ գտնուած էր Յովհաննավանքի մէջ՝ կարգալոյծ հռչակուած Արամ քհնյ Ասատրեանի մատուցած արարողութեանց։

Վարչապետը նաեւ յայտարարած է, որ Նոյեմբեր 16-ին ալ Վայոց ձորի Խաչիկ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի մասնակցի Յովհաննէս քհնյ Մաթեւոսեանի ձեռամբ մատուցուելիք պատարագին։

«Մեր մի շարք նուիրուած ու երիտասարդ հոգեւորականների տեսնելով՝ աւելի եմ սիրում մեր եկեղեցին»,– յայտարարածէՓաշինեան։