Ձախէն՝ Իմաստուններու խորհուրդի անդամ Լեւոն Պաղտասարեան, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, Իմաստուններու խորհուրդի անդամ Հրաչ Սիսեռեան, անոր ետին՝ Իսի−լէ−Մուլինոյի փոխքաղաքապետ Յարութ (Արթիւր) Խանճեան կը կտրեն ժապաւէնը
Երկար տարիներու, չըսելու համար տասնամեակներու, երազ մը իրականացաւ Նոյեմբեր 22-ին, փարիզեան հայաշատ արուարձաններէն Իսի—լէ—Մուլինոյի մէջ բացումովը ՀՄԸՄ—ի մշակութային ու մարզական պատկառելի կեդրոնին։
Բացման շքեղ ու տպաւորիչ արարողութեան ներկայ էր հոծ բազմութիւնմը։
Ժապաւէնին կտրուելէն եւ Թեմիս առաջնորդ Գրիգոր եպիսկ. Խաչատրեանի ձեռամբ կատարուած օրհնութեան կարգէն ետք ծայր առաւ հանդիսութիւնը։

Գրիգոր եպիսկ. Խաչատրեան կ՚օրհնէ կեդրոնը
Այս բացառիկ իրադարձութիւնը, որ կը զուգադիպի ՀՄԸՄ—Ֆրանսի վերակազմաւորման 50-ամեակին, բոլորովին նոր հորիզոն մը կը բանայ համայնքիս, յա՛տկապէս Իսի—լէ—Մուլինոյի շրջակայքը հաստատուած հայութեան ու նա՛մանաւանդ ալ մատղաշ սերունդին առջեւ, քանի որ նորակառոյց համալիրը մշակութայինէն՝ մարզական, բազմազան գործունէութիւններու համար նոր եւ իւրայատուկ բոյն մը պիտի հանդիսանայ, ուր հայորդիներ պիտի կարենան քով—քովի գալ իրենց մտաւորական ու ֆիզիքական զարգացման համար աւելի քան պատշաճ պայմաններու մէջ, այլ խօսքով՝ պիտի կարենան բարձրանալ ու բարձրացնել, հաւատարիմ՝ ՀՄԸՄ—ի կարգախօսին։
Մանրամասնօրէն կ՚անդրադառնանք յաջորդիւ։
Տեսանիւթ՝ https://youtu.be/whdTpLOlR2I ■