Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փարիզի քաղաքապետուհին իր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի ժողովուրդին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Դիմագիրքի իր էջին Յունուար 23-ին կատարած գրառումով կը տեղեկացնէ, թէ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի հետ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է, որու ընթացքին վերջինս իրեն յայտնած է իր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին, եւ հաւաստած, որ պիտի բազմապատկեն իրենց գործադրած շարունակական ջանքերը Ազերպայճանի պարտադրած շրջափակման պայմաններուն մէջ յայտնուած Արցախի ծանր իրավիճակը բարելաւելու համար։

«Փարիզի քաղաքապետ տիկին Անն Իդալգոյի նախաձեռնութեամբ քիչ առաջ հեռախօսազրոյց ենք ունեցել։ Օրակարգն Ադրբեջանի կողմից շրջափակման պայմաններում Արցախում ստեղծուած իրավիճակն էր։ Մանրամասն ներկայացրել եմ մարդասիրական աղէտի պատճառներն ու հետեւանքները, որոնց յաղթահարման համար անհրաժեշտ են միջազգային հանրութեան յստակ գնահատականներն ու գործողութիւնները։

Անն Իդալգօն իր համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնն է յայտնել Արցախի ժողովրդին, հաւաստիացրել, որ կը բազմապատկեն իրենց կողմից գործադրուող շարունակական ջանքերն իրավիճակը լիցքաթափելու համար»,– գրած է Արցախի նախագահը: