
Դեկտեմբեր 9-ին, ժամանակակից հայ գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչ Հրանտ Մաթեւոսեանի 90-ամեակին առիթով, Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին (INALCO) մէջ տեղի ունեցաւ գրողի գրական ժառանգութեան նուիրուած գիտաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

«Հրանտ Մաթեւոսեանի աշխարհընկալումը․ խօսք, խոհ եւ պատկեր» խորագիրը կրող այս գիտաժողովը նախաձեռնուած էր «Վ. Պրիւսով» պետական համալսարանին կողմէ, համագործակցութեամբ՝ INALCO-ին, «Եւրոպա–Եւրասիա» հետազօտական կեդրոնին (CREE), INALCO հիմնադրամին եւ «Յիշատակարան» ընկերակցութեան հետ։

Բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Խաչատրեան, «Վ. Պրիւսով» պետական համալսարանի տեսուչ Դաւիթ Գիւրճինեան եւ INALCO-ի փոխնախագահ Ասէն Սլիմ։
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Խաչատրեան շեշտը դրաւ Հրանտ Մաթեւոսեանի ստեղծագործական ժառանգութեան համամարդկային արժէքին կարեւորութեան վրայ՝ ընդգծելով, որ գրողին լեզուամտածողութիւնն ու աշխարհընկալումը կը շարունակեն ներշնչման աղբիւր հանդիսանալ նոր սերունդներուն համար։ Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց INALCO-ին եւ գործընկեր կառոյցներուն՝ հայ գրականութիւնը արժեւորելու եւ միջազգային գիտակրթական հարթակներու վրայ ներկայացնելու կարեւոր նախաձեռնութեան համար։

Գիտաժողովի ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան տեսուչ Դաւիթ Գիւրճինեան, «Վ. Պրիւսով» պետական համալսարանի ուսումնագիտական աշխատանքներու գծով փոխտեսուչ Տոնարա Ղազարեան, Սորպոն Նուվել համալսարանի վաստակաւոր դասախօս Ալեքսանտր Սթրոեւ եւ այլ գիտնականներ։
Ձեռնարկին ծիրէն ներս, Դեկտեմբեր 10-ին տեղի ունեցաւ Հրանտ Մաթեւոսեանի ստեղծագործութեան հիման վրայ նկարահանուած «Աշնան արեւ» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը։