ՕԹԱՆ-ի ընդհ. քարտուղարի տեղակալը արժէքաւոր գործընկեր կը համարէ Հայաստանը

Հիւսիսատլանտեան դաշինքի (ՕԹԱՆ) ընդհ. քարտուղարի տեղակալ Ռատմիլա Շեքերինսքա Դեկտեմբեր 18-ին աշխատանքային այցով կը գտնուէր Երեւան։

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին ան նշած է, որ ՕԹԱՆ-ը բարձր կը գնահատէ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ուղղուած Հայաստանի կառավարութեան կատարած մեծ ներդրումը։

Շեքերինսքա շնորհակալութիւն յայտնելով Միրզոյեանին ջերմ ընդունելութեան համար, ընդգծած է Երեւան կատարած իր այցելութեան կարեւորութիւնը։

“Մենք Հայաստանը ՕԹԱՆ-ի համար կը համարենք արժէքաւոր գործընկեր։ Հայաստանի հետ ներգրաւուած ենք անհատական պատշաճեցուած գործընկերութեան ծրագրին մէջ, ինչ որ մեզի թոյլ պիտի տայ աջակցիլ Հայաստանին իր պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան բարեփոխումներուն մէջ՝ ներառեալ այն հարցերը, զորս Երեւանը իրեն համար օգտակար կը համարէ”,  ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ այդ ծրագիրը հիմնուած է առկայ պահանջարկին վրայ։

Ռատմիլա Շեքերինսքան իր խօսքին մէջ նաեւ նշած է, որ ՕԹԱՆ-ը կը գնահատէ Հայաստանի աջակցութիւնը Դաշինքի տարբեր առաքելութիւններուն ու ներկայութիւնը՝ անոր մէջ։ Ան ընդգծած է, որ Հիւսիսատլանտեան դաշինքը կ՚ակնկալէ շարունակել Հայաստանի հետ այդ համագործակցութիւնը։

“Ես, իսկապէս կը փափաքիմ օգտուիլ այս առիթէն՝ ըսելու, որ մենք կը գնահատենք նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կատարած մեծ ներդրումը՝ ուղղուած տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան։ Այդ այնպիսի լաւ լուր մըն էր, որուն կարիքը մենք բոլորս ունէինք այս տարիներուն ընթացքին”,– ըսած է Շեքերինսքան։

Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ընդհ. քարտուղարի տեղակալը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ։