«Լաչինի միջանցքի շրջափակումը անօրինական է»
Ֆրանսայի նախկին վարչապետ, Հաւրի քաղաքապետ Էտուար Ֆիլիփ Հայաստան կը գտնուի։ Ան Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակումը անօրինական կը համարէ, իսկ Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու գրաւման մասին ալ կը շեշտէ, որ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը սակարկելի չէ ու պէտք է պաշտպանուի: Ֆրանսացի դիւանագէտը նաեւ ընդգծած է, որ Պաքուի մէջ ցարդ պահուող հայ ռազմագերիները պէտք է վերադարձուին հայրենիք:
Էտուար Ֆիլիփ պատասխանած է «Արմէնփրէս»-ի թրթակցին հարցումներուն:
– Պարոն Ֆիլիփ, նախ կը խնդրէի ներկայացնել, թէ ի՞նչ օրակարգով Հայաստան ժամանած էք, ի՞նչ հանդիպումներ, այցելութիւններ նախատեսուած են:
– Ես Հայաստան եկած եմ բաց միտքով եւ բաց սիրտով։ Կ՚ուզեմ իմ աչքերով տեսնել իրավիճակը, լսել մարդոց մտահոգութիւններն ու նախաձեռնութիւնները եւ զօրակցութիւն յայտնել հայ ժողովուրդին։ Հասկնալի պատճառներով պիտի այցելեմ Գորիս, իսկ Երեւանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենամ Հայաստանի վարչապետին, Արտաքին գործոց նախարարին եւ խորհրդարանականներուն հետ։ Ես նաեւ մտադիր եմ տեսակցելու տեղական իշխանութիւններու հետ։ Ուրախ եմ նաեւ հանդիպելու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին։
– Դուք Հայաստան կ՚այցելէք մեր երկրին համար դժուար օրերու. Ազերպայճան շրջափակած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան՝ Լաչինի միջանցքը, Արցախի ժողովուրդը մարդասիրական ճգնաժամի մէջ է։ Իբրեւ միջազգային հանրութեան անդամ, Հայաստանի բարեկամ Ֆրանսայի ներկայացուցիչ ի՞նչ կ՚ըսէիք Ազերպայճանի այս արարքին մասին:
– Արդէն աւելի քան 70 օր է, որ կը շարունակուի այս անօրինական շրջափակումը: Ազերպայճան առանց [արդար] պատճառի ճգնաժամ ստեղծած է, իսկ Ռուսաստան ոչինչ կ՚ընէ խնդիրը լուծելու համար։
– Ինչպէս գիտէք՝ Ազերպայճան նաեւ 2021, 2022 տարիներուն բռնագրաւած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն հատուածներ, կը շարունակէ պահել 2020-ի Արցախի պատերազմին գերեվարուած Հայերը: Ըստ ձեզի՝ միջազգային հանրութիւնը ի՞նչ ընելիք ունի, ի՞նչ քայլեր պէտք են ստիպելու Ազերպայճանը դուրս գալու Հայաստանի տարածքէն, վերադարձնելու հայ ռազմագերիները։ Դուք հնարաւոր կը համարէ՞ք պատիժներու կիրարկումը:
– Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը սակարկելի չէ ու պէտք է պաշտպանուի: Բաւական երկար ժամանակ Եւրոպական Միութիւնը շատ հեռու կը գտնուէր: Հիմա միտքս հանգիստ է, որ Հայաստանի մէջ կը հաստատուի ԵՄ-ի առաքելութիւնը, որ կրնայ դրական դեր ունենալ խաղաղ բնակչութեան հանգիստը ապահովելու համար: Բոլոր ռազմագերիները պէտք է վերադարձուին հայրենիք, իսկ անհետացածներու ճակատագիրը պէտք է յստականայ: Անհրաժեշտ է նաեւ ամբողջովին պահպանել ու պաշտպանել տարածաշրջանի մշակութային ժառանգութիւնը։
– Իբրեւ Ֆրանսայի նախկին վարչապետ, Հաւրի քաղաքապետ՝ Հայաստանի հետ ո՞ր բնագաւառներուն մէջ համագործակցութիւնը խորացնելու հեռանկարներ կը տեսնէք:
– Ես մօտէն կը հետեւիմ համագործակցութեան շարք մը ծրագրերու, որոնք կ՚իրագործուին առողջապահութեան ոլորտին մէջ՝ տեղահանուածներուն աջակցելու համար: Նաեւ մտադիր եմ հանդիպելու արհեստագիտութեան բնագաւառի դերակատարներուն, որոնք կը մասնակցին Հայաստանի ապագայի ձեւաւորման: Տակաւին շատ ընելիքներ կան՝ խթանելու ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը:
Հարցազրոյցը վարած է՝
Աննա Գրիգորեան