Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Գոլոնա Ազգային ժողովին մէջ ունեցած ելոյթին կոչ ըրած է թափանցիկ հետաքննութիւն վարելու Մարտ 5-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ, որոնք պատճառ դարձան 5 հոգիի մահուան։
Ան աւելցուցած է, որ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն պահանջած է նման հետաքննութիւն կատարել եւ անոր արդիւնքները հրապարակել։ Գոլոնա նաեւ նշած է, որ «Ֆրանսա ամենաշատ շահագրգռուած երկիրն է Հայոց պաշտպանութեան հարցով»:
Մարտ 5-ին Արցախի մէջ ազերպայճանական բանակին գործած դարանակալման զոհ գացած էր արցախցի երեք ոստիկան։ Յարձակումը տեղի ունեցած էր ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտիին մէջ։ Ազերպայճան յայտնած էր, որ իր երկու զինուորները մահացած են «կռիւներու ընթացքին»։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած էր այս դէպքին կապակցութեամբ եւ կոչ ըրած՝ բոլոր կողմերուն զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ քայլերու ձեռնարկելու՝ իրավիճակը մեղմելու համար։
Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յարձակումը անուանած էր «ռազմական ոճիր»։ Հայաստան դատապարտած էր մահացու հրաձգութիւնը՝ զայն որակելով «ահաբեկչական գործողութիւն», որ «նախապէս ծրագրուած եւ պատուիրուած է Ազերպայճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ»։