Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութիւնը

 

Հայաստան-Ազերպայճան – Լաչինի միջանցքի խափանում (2023 Յուլիս 27)

Ֆրանսա կ՚ափսոսայ Ազերպայճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի յամառ խափանումը, որ կը հակասէ հրադադարի համաձայնագրերով ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ կը վնասէ բանակցային գործընթացին։ Ֆրանսա իր լիակատար աջակցութիւնը կը յայտնէ Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցչին Յուլիս 26-ի յայտարարութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ ազդող մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ։

Ֆրանսա Ազերպայճանին կոչ  կ՚ընէ գործադրելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները, յա՛տկապէս՝ կիրարկելու Միջազգային ատեանի Փետրուար 22-ի որոշումին մէջ նշուած միջանկեալ միջոցները, որոնք պարտադիր են։

Ֆրանսա կոչ կ՚ընէ վերականգնելու բեռներու, մարդոց եւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով, եւ բնակչութեան՝ կազի եւ ելեկտրականութեան շարունակական մատակարարումը։

Եւրոպական Միութեան հետ միասին, Ֆրանսա լիովին հաւատարիմ կը մնայ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ արդար խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարուհին հաւաստած է Ապրիլի վերջաւորութեան Հայաստան եւ Ազերպայճան կատարած այցի ընթացքին։