Ֆրանսա կը վերահաստատէ զինուորական ծառայութիւնը

Ֆրան­սա որո­շեց վե­րահաս­տա­տել զի­նուո­րական ծա­ռայու­թիւնը, առայժմ միայն կա­մաւո­րու­թեան կարգով։ Այս մա­սին յայ­տա­րարեց նա­խագահ Մաք­րոն Նո­յեմ­բեր 27-ին, Իզէռի մէջ, Զի­նեալ ու­ժե­րու 27-րդ լեռ­նահրաձ­գա­յին ջո­կատ կա­տարած իր այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին։ 

Ըստ նա­խագա­հին՝ ստեղ­ծո­ւած աշ­խարհա­քաղա­քական իրա­վիճա­կին մէջ «Ֆրան­սա չի կրնար կրա­ւորա­կան կե­ցուածք ցու­ցա­բերել»։ Մաք­րո­նի հա­մաձայն՝ բա­նակի շար­քե­րը պի­տի կարենան ամբողջացնել 18 եւ 19 տա­րեկա­նը բո­լորած Ֆրան­սա­յի քա­ղաքա­ցինե­րը։

“Կա­մաւոր ժամ­կէ­տային ծա­ռայու­թիւնը պի­տի տե­ւէ 10 ամիս եւ մաս­նա­կից­նե­րը պի­տի վար­ձատրո­ւին։ Այս ծրա­գիրը պի­տի ար­ժէ շուրջ 2 մի­լիառ եւ­րօ”,– ըսած է Մաք­րոն՝ նշե­լով, որ սա «նշա­նակա­լի, սա­կայն անհրա­ժեշտ քայլ մըն է»:

Համաձայն այս ծրագրին՝ Ֆրանսա կ՚ակնկալէ մինչեւ 2035, տարեկան 50.000 երիտասարդ ներգրաւել բանակ։ ■